ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հանրային դասախօսութիւն | Հայկ Դեմոյեան «Ճանապարհ դէպի գիրքը․ գաղափար, նպատակ, իրագործում»

օգս 14, 2023 Միջոցառումներ-arm Հանրային դասախոսություններ

Հայաստանի ազգային գրադարանը կազմակերպած էր հանրային դասախօսութիւն մը՝ «Ճանապարհ դէպի գիրքը․ գաղափար, նպատակ, իրագործում» խորագիրով:  
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Դեմոյեանը խօսեցաւ վերջին քսան տարուան հեղինակային գրահրատարակչական ծրագիրներուն ու նախագիծերուն, գիտահետազօտական աշխատանքի կազմակերպման եղանակներուն եւ բազում դժուարութիւններուն ու զանոնք յաղթահարելու եւ գրահրատարակչական ծրագիրներու իրականացման մասին: Ան ներկայացուց իր՝ շուրջ երկու տասնեակ գիրքերու ստեղծման պատմութիւնն ու նախապատմութիւնը։  
Ան պատմեց փաստաթղթային նիւթերու ձեռքբերման դժուարութիւններուն, իր փնտռտուքներուն ու բացայայտումներուն մասին: Դեմոյեանը ընդգծեց, որ իրեն համար շատ կարեւոր է նիւթին, լուսանկարներուն վաւերականութիւնը, փաստագրական յենքը՝ շեշտելով, որ իր սկզբունքն է՝ գիրքերուն մէջ օգտագործուած որեւէ լուսանկար ու փաստաթուղթ բնօրինակ ըլլան:  
Պատմաբանը դասախօսութիւնը սկսաւ «տղամարդը պէտք է տուն շինէ, ծառ տնկէ ու զաւակներ ունենայ» յայտնի խօսքին յաւելելով, թէ տղամարդը պէտք է նաեւ գիրք գրէ ու անձնական գրադարանը ժողվէ, այն ալ՝ ամբողջ երեք գրադարան:  
Դեմոյեանը անդրադառնալով իր գիրքերէն մի քանի հատին, ինչպիսին են՝ «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամլոյ առաջին էջերուն վրայ» պատկերազարդ հատորին, «Հայուհի» (հայուհիին կերպարը փորագրանկարներուն մէջ եւ նամակային բացիկներուն վրայ) պատկերագիրքին, «Հայկական հետքը Ամերիկայի մէջ. 400-ամեայ ժառանգութիւն», «Աւրորայի ճանապարհը. Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածի մը ոդիսականը», նկատել տուաւ, թէ որքա՛ն երկարատեւ, ծաւալուն ու բարդ աշխատանք տարուած է այդ գիրքերը, ատոնց մէջ արտայայտուած ուղերձը ընթերցողին ու աշխարհին հասցնելու համար:  
Հայկ Դեմոյեանը, 2011-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ դիպուածով մը յայտնաբերած է Աւրորա Մարտիկանեանի (Արշալոյս Մարտիկեանի) լուսանկերներուն արխիւը: Այնտեղ նաեւ Մարտիկեաններուն միակ պահպանուած ընտանեկան լուսանկարը կար, որուն մէջ Աւրորան չորս տարեկան է: Արխիւին մէջ նաեւ Աւրորայի նամակագրութիւնը կար: Աւրորայի ազգականներուն հետ երկար բանակցելէ ետք, Դեմոյեանը ձեռք բերած է այս արժէքաւոր փաստաթուղթերը, յետագային՝ նաեւ Աւրորային պատկանող անձնական այլ իրեր, մասնաւորապէս ճամպրուկը, որմով ան ժամանած էր Ամերիկա, ինչպէս նաեւ ամերիկեան թերթերու հաւաքածոյ մը, որոնց մէջ յօդուածներ կան Աւրորայի եւ անոր «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքին մասին:  
Դեմոյեանը պատմեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս ձեռք բերած է Աւրորայի՝ արդէն յայտնի ժպտացող լուսանկարը, ուր Աւրորայի ժպիտը փոքր ինչ նման է յայտնի օրագրի հեղինակ, Հոլոքոստի զոհ դարձած Աննա Ֆրանքի ժպիտին: Ան շեշտեց, որ այդքան փաստագրական տուեալներ ունենալով արդէն հեշտ էր աշխարհին դարձեալ յիշեցնել Հայոց ցեղասպանութեան մասին, անհատի մը ճակատագիրով ներկայացնել ամբողջ ազգի մը ողբերգական ճակատագիրը:  
«Հայկական հետքը Ամերիկայի մէջ. 400-ամեայ ժառանգութիւն» գիրքը նուիրուած է առաջին հայուն Ամերիկա ժամանելուն 400-ամեայ պատմութեան: 1618 թուին, Մարթին անունով (Martin the Armenian) առաջին հայը ժամանած է Վերգինիա նահանգ՝ ազդարարելով հայ գաղթականներուն հոսքը դէպի Ամերիկա: Գիրքը 620 էջանոց պատկերազարդ աշխատութիւն մըն է՝ ամերիկահայ համայնքին պատմութիւնն ու ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի մէջ հայերուն առաւել նշանակալից ներդրումները ներկայացնող 2.200 լուսանկարներով, արժէքաւոր արխիւային փաստաթուղթերով ու հազուագիւտ պատկերներով:  
Հայկ Դեմոյեանը իր հետազօտութիւններուն, փնտռտուքներուն ընթացքին ձեռք բերած բազմաթիւ արժէքաւոր գիրքեր եւ այլ նիւթեր նուիրած է նաեւ Հայաստանի ազգային գրադարանին: Անոր անհատական հաւաքածոն համալրած է գրադարանին Անձեռնմխելի գրականութեան բաժինին Անհատական հաւաքածոներուն շարքը: Այս անգամ ալ՝ գիտնականը բացակայող կամ երկրորդ օրինակ գիրքեր նուիրեց գրադարանին:

IMG-<p style=Հայաստանի ազգային գրադարանը կազմակերպած էր հանրային դասախօսութիւն մը՝ «Ճանապարհ դէպի գիրքը․ գաղափար, նպատակ, իրագործում» խորագիրով:  

IMG-1555_1