ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հանրային դասախոսություն | Երուանդ Տէր Խաչատրեան «Ռազմիկ Դաւոյեան. մեկ ժամ պոեզիա»

մրտ 04, 2024 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ

երվ.տ.խաչ. 
 

«Մեր գրական լեզուն նոր թարմութեամբ ու նոր հմայքով փողփողաց, ծաւալուեցաւ ու շողաց իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, մեր բոլորին ծանօթ պարզ բառերը նոր գոյներ ու երանգներ ստացան»:

Բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանի բանաստեղծութիւնը նորովի ու անակնկալ բացայայտումներով ներկայացուց արուեստաբան, գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեանը Ազգային գրադարանի կազմակերպած «Ռազմիկ Դաւոյեան. մէկ ժամ բանաստեղծութիւն» հանրային դասախօսութեան ընթացքին:

Բանախօսը առանձին շեշտադրումներով անդրադարձաւ «Հայոց լեզուի վերջին մեծատաղանդ բանաստեղծ» Դաւոյեանի բանաստեղծական արուեստին, անոր բանաստեղծութեան ակունքներուն, բանաստեղծական խօսքի տպաւորիչ արտայայտչականութեան, քնարական յուզականութեամբ լեցուն սիրերգութեան եւ այն:

«Երբ «Հայրենիքի ձայն»-ին մէջ կարդացի իր «Անտուն ուղեւորեր» բանաստեղծութիւնը, հիացմունքէս շունչս կտրուեցաւ. բանաստեղծութիւնը կատարեալ էր ամէն ինչով՝ գեղեցկութեամբ, խօսքով, մարդասիրութեամբ ու թատերական խորքով, արուեստով, ներքին երաժշտականութեամբ, հայերէն խօսքի մաքրագոյն հոսումով»,- ըսաւ Երուանդ Տէր Խաչատրեանը: Բանախօսը՝ Ռազմիկ Դաւոյեանի ստեղծագործական ուղին ներկայացնելու համար բազմաթիւ համեմատութիւններ տարաւ եւրոպական գրողներու եւ արուեստագէտներու գործերուն հետ:

Երուանդ Տէր Խաչատրեանը ընդգծեց, որ Դաւոյեանը խորապէս կապուած էր հայ դասական բանաստեղծութեան մեծ եւ հարուստ աւանդներուն եւ միաժամանակ իր բանաստեղծական մտածողութեամբ արդիական ու ժամանակակից էր: Ան մէկը մէկէն սքանչելի բանաստեղծութիւններ ըսաւ՝ Ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ դահլիճէն ներս ներկայ դաւոյեանական բանաստեղծութեան սիրահարները համակելով բարձր բանաստեղծական արուեստի մոգական հմայքով: Բանաստեղծութեան ժամը մէկ վայրկեանուան պէս անցաւ: Ունկնդիրը դահլիճէն հեռացաւ՝ համակուած Դաւոյեանի հոյակապ բանաստեղծութեամբ՝ լեցուն ներքին գեղեցկութեամբ եւ ուժով, հայոց լեզուի անեղծ երաժշտականութեամբ, պայծառ, լուսաւոր, խորապէս մարդկային եւ վսեմ: