Հեռախոսահամար
մյս 06, 2024 Միջոցառումներ
Հայաստանի ազգային գրադարանի Անձեռնմխելի գրականութեան բաժինի Ազգային գրադարանային հաւաքածոյի ենթաբաժինի վարիչ Զարուհի Սարդարեանը եւ Գլխաւոր գրապահոցի յառաջատար գրադարանավար Լիանա Սայադեանը երէկ՝ ապրիլ 26-ին, ներկայացուցին ապրիլ 8-էն 12 Մոսկուայի մէջ «Փաստաթուղթերու վերականգնում՝ պահպանողականութիւն եւ նորարարութիւն 2024» 7-րդ միջազգային սեմինարին իրենց մասնակցութեան հաշուետուութիւնը:
Սեմինարը կազմակերպած էին Եւրասիոյ գրադարանային յանձնախումբը, Անկախ պետութեանց համագործակցութեան անդամ երկրներու մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամը եւ Ռուսիոյ պետական գրադարանը։ Հայաստանի ազգային գրադարանի աշխատակիցները ծանօթացած են Անկախ պետութեանց համագործակցութեան երկներու վերականգնեցման մասնագէտներու փորձին, փաստաթուղթերու վերականգնման եւ պահպանութեան՝ Հայաստանի փորձը համեմատելով ու համադրելով Անկախ պետութեանց համագործակցութեան երկրներու վերականգնողներու փորձին՝ տեղայնացման ծրագիրներ մշակելու նպատակաւ։
Սեմինարին ընթացքին քննարկուած են գրադարանային հաւաքածոներու պահպանութեան, արեւելեան երկրներու գրքային մշակոյթի պահպանման ճափոնական եւ չինական վերականգնողական մեթոտներու եւ շատ այլ նիւթեր, քննարկուած է փաստաթուղթերու պահպանութեան եւ վերականգնման տարածաշրջանային կեդրոններու բացման հարցը:
Փեթերսպուրկի Ազգային գրադարանի աշխատակից, վերականգնման մասնագէտ Սուրէն Ասատրեանը պատմած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրաց գիտահետազօտական հիմնարկի՝ Մատենադարանի վերականգնողական բաժինէն ներս աշխատելու իր 7-ամսեայ փորձին մասին: Ան ներկայացուցած է, թէ հայ մասնագէտները ի՛նչ նիւթեր գործածած են անցեալին եւ ի՛նչ կը գործածեն այժմ, ի՛նչ բոյսերէ տպագրական նիւթեր եւ թուղթ ստացած են։
Հայաստանի ազգային գրադարանի աշխատակիցները մասնակցած են փաստաթուղթերուն եւ գիրքերուն մէջ կենսաօրկանիզմներու զարգացումը՝ զանգուածային վարակի բռնկումները կանխելուն միտուած փոքր կլիմայական յարաչափերու վերահսկման, ինչպէս նաեւ՝ լուսանկարներու վերականգնման վարպետութեան դասերուն: