Հեռախոսահամար
մյս 02, 2025 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ Նորութիւններ
«Ֆրանսա-Հայաստան. պատմական եւ մշակութային երկխօսութիւն» խորագրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովի շրջանակէն ներս գրադարանի մեծ ցուցասրահին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած են ՀԱԳ անձեռնմխելի գրականութեան բաժնի՝ Ֆրանսայի մէջ հրատարակուած հայերէն եւ ֆրանսերէն հնատիպ գրականութեան եւ մամուլի բացառիկ նմուշներ: Հայաստանի ազգային գրադարանի Անձեռնմխելի գրականութեան բաժնին մէջ կը պահպանուին 2.692 միաւոր ֆրանսերէն գրականութիւն, որմէ փոքր մաս մը ցուցադրուած է մեծ ցուցասրահին մէջ: Ցուցադրուած ամէնէն հին ֆրանսերէն գիրքը «ZONORAS JEAN» (LES HISTOIRES ET CRONIQUES DU MONDE. - PARIS: PIERRE L'HUILLIER։ 1583, 989 p.) գիրքն է:
Հաւաքածոյին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն բառարանները, հանրագիտարանները, պատմական եւ ճանապարհորդական աշխատութիւնները: Հաւաքածոյին մէջ պահպանուող ֆրանսերէն ամենավաղ ժամանակաշրջանի գիրքը 1552 թուականին Փարիզի մէջ հրատարակուած «Համընդհանուր տիեզերագնացութիւն» գիրքն է: 1739 թուականին Հոլանտայի Լահէ քաղաքին մէջ տպագրուած Եթովպացիներու եւ հայերու քրիստոնէութեան պատմութիւնը եւս ցուցադրուած գիրքերու ցանկին վրայ էին: 1702 թուականին Փարիզի մէջ տպագրուած Ֆրանսիս Պեքոնի «Նոր Ատլանտիտա» աշխատութիւնը, Տենի Թիթրոյի «Հանրագիտարան»-ի 4-րդ հատորը՝ տպագրուած Փարիզի մէջ 1754 թուականին, Պլութարքոսի 1787-ին տպագրուած ստեղծագործութիւնները եւս ներառուած էին ցուցադրուող գրականութեան մէջ:
Ի դէպ, 17-րդ դարուն Փարիզի մէջ տպագրուած առաջին հայերէն գործը զետեղուած է Քլոտ Տիւրէ Պուրպոնուայի՝ 1613 թուականին հրատարակած «Գանձ աշխարհի լեզուներու պատմութեան» աշխատութեան մէջ, որուն մէջ հայոց լեզուին նուիրուած հատուածին մէջ տեղ գտած է հայերէն փայտափորագիր այբուբենը: 1633 թուականին Փարիզի Կայսերական տպարանին մէջ լոյս տեսած է Ֆրանսիսկ Ռիւոլայի «Բառագիրք հայոց» (հայերէն–լատիներէն) բառարանի երկրորդ հրատարակութիւնը, որ Փարիզի մէջ հրատարակուած առաջին հայերէն գիրքն է: