Հեռախոսահամար
հնս 21, 2024 Միջոցառումներ Սինէ-ակումբ
Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս ցուցադրուեցաւ Սինէ-ակումբի հերթական ֆիլմը` Անիէս Վարդայի «Քլէոն` 5-էն 7»։ Ֆիլմը վաւերագրական եւ խաղարկային ոճերու համակցութեամբ կը ներկայացնէ ժողովրդական երգիչին մտորումները կեանքի եւ մահուան մասին։ Ֆիլմին գործողութիւնները կ’ընթանան ըսես իրական ժամանակի մէջ, այսինքն՝ մէկ ու կէս ժամանոց ֆիլմը կը պատմէ մօտ մէկ ու կէս ժամ հերոսուհիին կեանքէն։ Վարդան կ’օգտագործէ ֆրանսական «Նոր ալիքի» ֆիլմերուն բնորոշ հնարքներ եւ եղանակներ։
«Ֆիլմադարան» ֆիլմի մշակոյթի զարգացման հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ, ֆիլմագէտ Գարեգին Զաքոյեանի խօսքով` ասիկա Անիէս Վարդայի ամէնէն ճանչցուած ֆիլմն է։ ֆիլմագէտը ընդգծեց, որ Անիէս Վարդայի ֆիլմերը բազմազան, բազմաժանր եւ բազմաոճ են։ Սինէ-ակումբը Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս կը գործէ արդէն երրորդ տարին ըլլալով` «Ֆիլմադարան» ֆիլմի մշակոյթի զարգացման հասարակական կազմակերպութեան, Ազգային գրադարանի, Հայաստանի Ֆրանսայի դեսպանութեան եւ Ֆրանսական հիմնարկի համագործակցութեամբ՝ ֆիլմասէրներուն ներկայացնելով ֆրանսական ֆիլմերու ընտրանին։ Ֆիլմերը կը ցուցադրուին ֆրանսերէն` հայերէն եւ անգլերէն ենթագիրներով։ Մուտքը ազատ է։