ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Երուանդ Օտեան- 155. հանրային բանախոսութիւն և գրականութեան ցուցահանդէս

նմբ 11, 2024 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ Հանրային դասախօսութիւններ

Սամվել Մկրտչյան. 13.11.2024  

«Անկեղծ հրապարակախօսը պէտք է ձի մը ունենայ, որպէսզի ճշմարտութիւնը ըսելէն ետք անոր վրայ նստելով փախչի», - Երուանդ Օտեան: Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ նոյեմբեր 13-ին գրականութեան ցուցահանդէս մը բացուեցաւ՝ նուիրուած արեւմտահայ մեծանուն գրող, երգիծաբան, լրագրող եւ հրապարակագիր Երուանդ Օտեանի ծննդեան 155-ամեակին։

Օտեանի գրական-հասարակական գործունէութեան մասին ընդարձակ դասախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի՝ ակադեմիկոս Հրանդ Թամրազեանի անուան հայ գրականութեան պատմութեան եւ գրականութեան տեսութեան ամբիոնի պատուաւոր վարիչ Սամուէլ Մուրատեանը։

կինոդահլիճ. ցուցադրություն

Ցուցահանդէսին ներկայացուած է աւելի քան 70 միաւոր գրականութիւն, ներառեալ՝ գրողին երկերուն հազուագիւտ հրատարակութիւնները, Երուանդ Օտեանի ստեղծագործութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած թէզերը։ Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ շաբթուան վերջը։ Երուանդ Օտեանը գրական ասպարէզ մտած է 1890-ական թուականներուն։ Առաջին իսկ գրական փորձերէն ան կը յատկանշուէր հարուստ գիտելիքներով, իւրայատուկ գրական ոճով։ Հայ նորավիպագրութեան ընտիր էջերէն են Օտեանի «Վաշխառուն» (1893) եւ «Կաղանդի վիպակը» (1895)։

Երվանդ Օտյան ցուցադրություն

Հայ դասական արձակին մէջ մեծ ներդրում են Օտեանի «Յեղափոխութեան մակաբոյծները» շարքի պատմուածքները, եռամաս «Ընկեր Բ․ Փանջունի» («Առաքելութիւն մը ի Ծապլվար», «Ընկեր Բ․ Փանջունի ի Վասպուրական» եւ «Իմ աշխարհայեացքներս», «Ընկեր Բ․ Փանջունի տարագրութեան մէջ») երգիծավէպերը եւ այլ երկեր։ Օտեանի գրական ժառանգութիւնն են երեք տասնեակէ աւելի բազմահատոր վէպեր, վիպակներ, կատակերգութիւններ, պատմուածքներ, նորավէպեր, յուշագրութիւններ, բանասիրական հետազօտութիւններ, շարք մը թարգմանութիւններ։