Հեռախոսահամար
ապր 03, 2025 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ
Հայկական ծագումով ֆրանսական արտայայտչութեամբ գրող եւ գեղանկարիչ... Ահա այսպէս կը բնութագրէ ինքզինք բազմաժանր գրող Տենի Տօնիկեանը։ Հայաստանի ազգային գրադարանը բացառիկ նուէր մը ստացած է Տօնիկեանէն։ Անոր անձնական արխիւը՝ գիրքեր, պատկերագիրքեր, ձեռագիրներ Ֆրանսայէն ուղարկուած են Հայաստան, Ազգային գրադարան։ Նիւթերը միշաբթեայ ցուցադրութեամբ ներկայացուած են գրադարանի մեծ ցուցասրահէն ներս։ Ցուցադրութենէն ետք Տենի Տօնիկեանի ձեռագիրները եւ այլ նիւթեր պիտի փոխանցուին Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին։
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին գրողի ստեղծագործութիւններու թարգմանիչներ Նուարդ Վարդանեանը, Լուսինէ Մուսախանեանը, Տենի Տօնիկեանի վաղեմի ընկեր եւ բարեկամ, արձակագիր, թարգմանիչ Գրիգոր Ջանիկեանը եւ այլք։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԱԳ տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը, որ հաւաստիացուց, թէ Տօնիկեանի տպագիր ժառանգութիւնը իր պատուաւոր տեղը պիտի գտնէ ՀԱԳ հաւաքածոներուն մէջ։
- Պատիւ ունեցած եմ Ֆրանսայի մէջ հանդիպելու Տենի Տօնիկեանի հետ եւ կրնամ ըսել բան մը. գրողը, իր կենդանութեան օրերուն, որոշում կայացուցած է իր գրական ժառանգութիւնը նուիրելու Հայաստանի ազգային գրադարանին։ Ասիկա մեծ քայլ մըն է, որ, ընդունինք, ոչ բոլորը պատրաստ են ընելու։ Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էր նաեւ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնուհի Սիւզաննա Խոճամիրեանը։
- Մեծ պատիւ է ընդունիլ նուէրը Տենի Տօնիկեանէն եւ մեր գործընկեր Ազգային գրադարանէն։ Շատ մեծ կարեւորութիւն կու տանք յատկապէս օրագիրներուն եւ նամակներուն։ Գրողը կը ճանչնանք իր ստեղծագործութիւններէն, բայց որպէս մարդ անոր մասին կը խօսին միայն նամակներն ու օրագիրները։ Ցուցահանդէսը համակարգող ՀԱԳ աշխատակիցներ Ժիւլիա Մանուկեանը եւ Տաթեւ Ղամպարեանը, ամիսներ շարունակ աշխատելով ցուցահանդէսի նիւթերուն հետ, մեծ ոգեւորութեամբ պատմեցին իրենց կատարած աշխատանքին մասին։ Ցուցահանդէսի բացումին յաջորդեց երեկոյթ մը, որ սկսաւ Տենի Տօնիկեանի տեսաուղերձով։
«Ես շատ ուրախ ու երջանիկ եմ, որ այսուհետեւ իմ գիրքերն ու ծրագիրները պիտի գտնուին Հայաստանի մէջ։ Նախ եւ առաջ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ազգային գրադարանին, որ սիրով ընդունեցաւ իմ արխիւս։ Յատկապէս ջերմ շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել տնօրէնուհիին՝ Աննա Չուլեանին, որ միտք յղացաւ կազմակերպելու այս շնորհանդէս-ցուցահանդէսը»:
Լուսինէ Մուսախանեանը, որ այժմ կը թարգմանէ գրողին վերջին ժողովածոն՝ առեղծուածային առածներով գրուած բանաստեղծութիւններու շարքը՝ «Ցաւդ տանեմ»-ը, կատարեց հարցազրոյցը վարողի դերը, իսկ ՀԱԳ աշխատակից Ներսէս Հայրապետեանը ստանձնեց Տենի Տօնիկեանի դերը։ Հետաքրքրական հարց ու պատասխան, որ կրնաք դիտել ամբողջութեամբ տեսանիւթին մէջ։ Թարգմանչուհի Նուարդ Վարդանեանը եւս խօսեցաւ իր թարգմանութիւններուն մասին։
- Տօնիկեանի հետ աշխատիլը ինծի համար բաւականին ուժ եւ ջանք պահանջող գործ մը եղած է: Որպէս գրող-արուեստագէտ, ան բազմաժանր է, որ անմիջականօրէն կը դրսեւորուի իր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Մէկ գործի մէջ ան կրնայ հանդէս գալ քանի մը ժանրերով, որ բաւական կը դժուարացնէ թարգմանիչին աշխատանքը: Այդպէս ես թարգմանեցի 7 գործ Տօնիկեանէն... Տօնիկեանի վաղեմի ընկեր եւ բարեկամ Գրիգոր Ջանիկեանը եւս խօսեցաւ անոր մասին.
- Տենին ճանչնալու, անոր գրականութիւնը հասկնալու համար պէտք է նախ իմանալ անոր կեանքը: Ան ծնած է Ֆրանսա 1942 թուականին, բայց անոր կենսագրութիւնը կը սկսի դեռեւս 1915 թուականի Եղեռնէն, որովհետեւ Եղեռնը չէ աւարտած անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Անոր կեանքի, մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն կրած դժուարութիւններու, հայրենիքի կարօտի մասին կարելի է անվերջ խօսիլ: Ելոյթին աւարտին Գրիգոր Ջանիկեանը Տօնիկեանի գիրքերէն մէկը նուիրեց Ազգային գրադարանին: