ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէսը | մայիս

սպտ 07, 2023 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

Untitled design - may  
 

Հայաստանի հանրային գրադարաններէն ներս մայիսին առաւել շատ շրջանառուած գիրքերուն լաւագոյն տասնեակին մէջ ներառուած գիրքերը սպասարկուած են 22-էն 41 անգամ։ Այս բոլոր գիրքերը ընդգրկուած են 2-4 գրադարաններու ցուցակներուն վրայ։ Հանրապետութեան տարբեր մարզերու գրադարաններու ցուցակներուն վրայ ամէնէն շատ հանդիպող գիրքը Խալետ Հոսէյնիի «Օդապարուկ թռցնողը» վէպն է։ Մայիսեան լաւագոյն տասնեակներուն մէջ, դարձեալ Հայաստանի գրադարաններէն ներս, ամէնէն շատ սպասարկուած արտասահմանեան գրողը արկածախնդրութեան թագուհի Ակաթա Քրիստին է, որ գրադարանային ցուցակներուն վրայ ներկայացուած է 9 գիրքով։ Ընթերցանութեան սիրահարները կը շարունակեն նախապատուութիւնը տալ նաեւ Էրիխ Մարիա Ռեմարքի վէպերուն, որոնցմէ 3-ը կրկին գրադարաններու ցուցակներուն վրայ են։ Մարքէզը, Տիւման եւ Ալեքս Մայքլիտիսը նոյնպէս ներկայ են երկուական գիրքով։  

Մարզային գրադարաններու տասնեակներուն մէջ կան շուրջ 25 հայ դասական եւ ժամանակակից հեղինակներ։ Դպրոցական եւ համալսարանական ուսումնական ծրագիրներուն բերումով՝ գրադարաններու լաւագոյն տասնեակներուն մէջ յաճախ կ'ընդգրկուին Ակսէլ Բակունցը, Գրիգոր Զօհրապը, Շիրուանզադէն, Չարենցը, Գուրգէն Մահարին եւ շատ ուրիշներ։ Գարնան վերջը՝ առաւել շատ ընթերցուած գիրքերէն են Նար-Դոսի «Սպանուած աղաւնին» վիպակը, Վահան Թոթովենցի «Պաքու» եւ «Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհին վրայ» վէպերը, Ուիլիամ Սարոյեանի «Հայրի՛կ, դուն խենթ ես» եւ «Քու կեանքիդ ժամերը», Ստեփան Զօրեանի «Պապ թագաւոր» եւ Ալեքսանդր Շիրուանզադէի «Քաոս» պատմավէպերը։

ժամանակակից հայ գրողներէն լաւագոյն տասնեակին մէջ ընդգրկուած հեղինակներէն՝ Աշոտ Աղաբաբեանի վէպերէն ներկայացուած է հինգ անուանում։ Գոհար նաւասարդեանի գիրքերէն առաւել պահանջուած են անոր «Յուշացած ակնթարթներ» եւ «Սիրելէն յետոյ» վէպերը, իսկ Մանէ Մարտիրոսեանը ներկայացուած է երկու գիրքով՝ «Պուտաւոր զգեստով աղջիկը» եւ «Վազող ամպերու հետքերով»։   Հետաքրքրական է, թէ ինչպէ՛ս պիտի փոխուի գրադարաններէն ներս ընթերցուած գեղարուեստական գրականութեան թեժ տասնեակը ամռան ամիսներուն։ Ամառնային ցուցակներուն մէջ կ'ակնկալենք տեսնել հրատարակչութիւններուն կողմէ նոր տպագրուած գիրքեր եւ նոր երիտասարդ գրողներու ստեղծագործութիւններ։