ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէսը | յունիս

սպտ 07, 2023 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

Untitled design -  june  
 

Ամառնային կիզիչ արեւն ու տօթը խոչընդոտ չեն ընթերցասէրներուն համար։ Աւելին, դպրոցական ամառնային արձակուրդն է որ ձեւաւորած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի գրադարաններու գեղարուեստական գիրքերուն յունիսեան տասնեակը։ Հանրապետութեան գրադարաններէն ներս գեղարուեստական ամէնէն պահանջուած գիրքերուն տասնեակը Ազգայինը կ'ամփոփէ եւ կը ներկայացնէ 2023-ի յունուարէն։ Յունիսեան ցուցակը ունի շարք մը առանձնայատկութիւններ։ Նախ, առաջին անգամ ըլլալով, ցուցակին վրայ կը գերակշռեն հայ հեղինակներուն գիրքերը, ինչ որ, ինչպէս վերը նշեցինք, ամառնային արձակուրդէն կախեալ է։ 

Դպրոցական ամառնային ընթերցանութեան ցանկերուն վրայ են Վախթանգ Անանեանի «Յովազաձորի գերիները» եւ «Որսորդական պատմուածքներ», Ակսէլ Բակունցի, Դերենիկ Դեմիրճեանի, Նար-Դոսի եւ Ստեփան Զօրեանի պատմուածքները, Թոթովենցի «Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհին վրայ», Մուրացանի «Գէորգ Մարզպետունին», Շիրուանզադէի «Արտիստը», Րաֆֆիի «Խաչագողի յիշատակարան», «Խենթ», «Սամուէլ» գիրքերը, որոնք ամէնէն պահանջուածները եղած են գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ։ 

Հայաստանի հանրային եւ համայնքային գրադարաններէն ներս յունիսին ամէնէն շատ սպասարկուած գիրքերուն համադրուած ցուցակին վրայ միայն երկու արտասահմանեան գրող կայ (Ճոճօ Մոյէս եւ Խալետ Հոսէյնի), մարզային գրադարաններու լաւագոյն տասնեակներու առաջին հորիզոնականին վրայ ալ սոսկ Խալետ Հոսէյնիի «Հազար չքնաղ արեւներ» եւ Ակաթա Քրիստիի «Արեւելեան ճեպընթացը» վէպերն են։ Ցուցակին միւս նշանակալի առանձնայատկութիւնն ալ այն է, որ առաջին անգամ ըլլալով լաւագոյն տասնեակին մէջ ընդգրկած ենք նաեւ Ստեփանակերտի Մուրացանի անուան քաղաքային գրադարանին տուեալները։ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի գրադարաններու ընթերցողներուն գրական ճաշակները եւ հետաքրքրութիւնները յար եւ նման են։ Վերջին ամիսներուն՝ ամէնէն պահանջուած արտասահմանեան գրողը՝ Ակաթա Քրիստին, կարծես թէ կը զիջի դիրքերը։ Յունիսեան լաւագոյն տասնեակներուն մէջ անոր արկածախնդրութիւններէն դեռեւս կայ 8 գիրք, որոնցմէ միայն «Արեւելեան ճեպընթացը» գիրքն է առաջին հորիզոնականին վրայ։ Ամառը կը շարունակուի։ Հետաքրքրական պիտի ըլլայ հետեւիլը, թէ յուլիս-օգոստոսին ո՛ր գիրքերը պիտի ձեւաւորեն մեր գրադարանային քարտէսները։