Հեռախոսահամար
ապր 18, 2026 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ

Գիտաչափութիւնը՝ իբրեւ գիտութեան թուային վերլուծութեան արուեստ, այսօր աւելի արդիական է, քան երբեւէ։ #Ազգային_գրադարանային_շաբթուան ծրագրի շրջանակէն ներս այս նիւթով հանրային դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ ՀՀ ԳԱԱ Գիտակրթական միջազգային կեդրոնի ատենապետ, մանկավարժութեան տոսենթ, կրթութեան ոլորտի փորձագէտ Ատոմ Մխիթարեանը՝ ներկայացնելով գիտութեան ժամանակակից զարգացումներու կարեւոր միտումները։ Ան խօսեցաւ գիտական տեղեկատուութեան աննախադէպ աճի մասին, երբ աշխարհի մէջ ամէն օր կ'աւելնան միլիոնաւոր հրապարակումներ, կը գործեն հազարաւոր գիտական ամսագիրներ, եւ կը ձեւաւորուի համաշխարհային մրցակցային միջավայր։ Այս պայմաններուն մէջ առաւել քան երբեւէ կը կարեւորուի գիտութեան քաղաքականութեան յստակ ձեւաւորումը։ Դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ հիմնարար հարցերուն՝ ո՞վ է ազդեցիկ գիտնականը եւ ի՞նչն է իրականութեան մէջ որոշողը գիտութեան արժէքը՝ գաղափա՞րը, թէ տուեալը։
Գիտաչափութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ գիտութիւնը դիտարկելու քանակական տեսանկիւնէ՝ գնահատելով հրապարակումները, ատոնց յղումները, գիտնականներու միջեւ համագործակցութիւնները եւ ընդհանուր գիտական ազդեցութիւնը։ Այս շրջանակէն ներս կ'առանձնացուին հիմնական գիտաչափական ցուցանիշները՝ Citation Count, Impact Factor, H-index եւ I10-index, որոնք լայնօրէն կը կիրառուին գիտական գործունէութեան գնահատման մէջ։ Միեւնոյն ատեն ընդգծուեցաւ, որ գիտութեան գնահատման համակարգը ժամանակի ընթացքին բարեշրջման կ'ենթարկուի։ Թուայնացումը արմատապէս կը փոխէ գիտական դաշտը՝ խթանելով բաց գիտութեան (open science) զարգացումը, արհեստական բանականութեան եւ տուեալներու վերլուծութեան կիրառումը, գիտական շտեմարաններու ընդարձակումը եւ համագործակցային գիտութեան ձեւաւորումը։
Դասախօսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ մանկավարժութեան տոսենթ, ԳԱԱ ԳԿՄԿ դեկան Ատոմ Մխիթարեանի եւ տնտեսագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսոր Արմէն Ճուղուրեանի համահեղինակութեամբ լոյս տեսած «Կրթութեան կառավարում» շարքի հերթական ուսումնական ձեռնարկը։ Անիկա նպատակ ունի դառնալու գործնական ուղեցոյց ոլորտէն ներս որոշումներ կայացնողներու, հետազօտողներու, դոկտորականի ուսանողներու եւ ուսանողներու համար։ Գիրքը կը ներկայացնէ գիտական հետազօտութիւններու տեսական հիմքերը, գիտութեան կազմակերպման գործնական մօտեցումները եւ գիտաչափութեան ժամանակակից մեթոտները՝ առաջարկելով համապարփակ տեսլական գիտակրթական ոլորտի զարգացման համար։ Գիտաչափութիւնը կարեւոր գործիք մըն է, որ կրնայ բարձրացնել գիտութեան տեսանելիութիւնը, աջակցիլ ռազմավարական որոշումներու կայացման եւ նպաստել դրամամիջոցներու արդիւնաւէտ բաշխման։ Սակայն, որքան ալ այն օգտակար ըլլայ, չի կրնար ամբողջութեամբ արտացոլել գիտութեան էութիւնը, չի կրնար չափել ստեղծարարութիւնը եւ չի կրնար փոխարինել գիտական աշխատանքի իրական որակին։
