Հեռախոսահամար
ապր 07, 2026 Նորութիւններ

Ապրիլ 13-էն 20 հայաստանեան գրադարաններու տարուան գլխաւոր միջոցառումը՝ Ազգային գրադարանային շաբաթը տեղի պիտի ունենայ «Դպրոցական գրադարանները նորարարութեան տիրոյթէն ներս» կարգախօսով: Շաբթուան ընդառաջ Հայաստանի ազգային գրադարանի նախաձեռնութեամբ Գրադարանային միութիւններու եւ հաստատութիւններու միջազգային դաշնութեան (ԻՖԼԱ) կայքին վրայ հայերէն թարգմանութեամբ հրապարակուած է Իֆլա-Եունեսքո դպրոցական գրադարանի 2025 թուականի հռչակագիրը:
«Արագ զարգացող տեղեկատուական դաշտին մէջ, ուր արհեստագիտական յառաջընթացին զուգահեռ ի յայտ կու գան նոր հնարաւորութիւններ ու մարտահրաւէրներ, դպրոցական գրադարանի դերը՝ որպէս համաշխարհային քաղաքացիական դիրքորոշման, գրագիտութեան, քննադատական մտածողութեան, ստեղծագործականութեան ու ներառական եւ արդար կրթութեան յենարան, առաւել կարեւոր է, քան երբեւէ», նշուած է հռչակագրի տեսլականին մէջ:
Իֆլայի «Աշխարհի գրադարանային քարտէս / Library Map of the World» բաժնին մէջ թարմացուած է Հայաստանի ազգային, ակադեմական եւ համայնքային գրադարաններու 2025 թուականի վիճակագրութիւնը: Շուտով պիտի լրացուի եւ պիտի թարմացուի նաեւ Հայաստանի մէջ գրադարանային գործի զարգացման համար պատասխանատու մարմիններու, գրադարանային օրէնսդրութեան, գրադարանային եւ գրքային ոլորտի այլ կազմակերպութիւններու մասին տեղեկատուութիւնը: Հռչակագրին կրնաք ծանօթանալ Իֆլայի շտեմարանէն (IFLA Repository) կամ դպրոցական գրադարաններու յանձնաժողովի էջէն՝ https://www.ifla.org/resources/?_sfm_unitid=105110&_sfm_resource_type=All:
