ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Սինէ-ակումբը Ազգային գրադարանէն ներս ներկայացուց լռութեան լեզուով խօսող ֆիլմեր

մրտ 25, 2026 Սինէ-ակումբ

IMG-0387-1-1

Սինէ-ակումբի ֆիլմի ցանկի այսօրուան ֆիլմերը մեզ տարին դէպի շարժապատկերի ամէնէն զգացմունքային շերտերը։ Դիտեցինք՝ շարժապատկերի առաջին տեսաբաններէն Լուի Տելիւքի «Տենդը» (1921) եւ Տիմիթրի Քիրսանովի հանճարեղ «Մենիլմոնթանը» (1926)։ Երկուքն ալ կը պատմեն Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք խեղուած ճակատագիրներու մասին, բայց ոչ թէ բառերով, այլ՝ հայեացքներով, շարժումներով, լռութեամբ։ Ասոնք ֆիլմեր են, ուր լռութիւնը «կը խօսի» աւելի բարձր, քան որեւէ երկխօսութիւն։

Տելիւքի «Տենդը» կարծես ներսէն այրող քաղաքի մը պէս է՝ լարուած, անհանգիստ, հոգեբանական, մինչդեռ Քիրսանովի «Մենիլմոնթանը» ֆիլմի խմբագրութեան իրական բանաստեղծութիւն է․ տեսերիզները կը հոսին ինչպէս յիշողութիւններ՝ կտրտուած, բայց միեւնոյն ատեն խորապէս զգացմունքային։

Այս ֆիմմերը կը յիշեցնեն, որ շարժապատկերը սկիզբը պարզապէս պատմութիւն պատմելու միջոց չէր․ անիկա զգալու արուեստ մըն էր։ Եւ այսօր, երբ արհեստագիտութիւնը յառաջ անցած է, այդ հին տեսերիզները դեռ ունին բան մը, որ յաճախ չենք գտներ նոր ֆիլմերու մէջ՝ մաքուր, անկեղծ յոյզ։ Երբեմն պէտք է վերադառնալ արմատներուն՝ հասկնալու, թէ ուրկէ սկսած է շարժապատկերի կախարդանքը։