ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հանրային դասախօսութիւն | Մարիեթա Գասպարեան «Ալեքսանդր Թամանեան - 145»

օգս 14, 2023 Միջոցառումներ-arm Հանրային դասախոսություններ

Հայաստանի ազգային գրադարանը՝ հայ նոր ճարտարապետութեան հիմնադիր, հայ ազգային ճարտարապետութեան մէջ ամբողջ դարաշրջան մը կերտած Ալեքսանդր Թամանեանի 145-ամեակին նուիրուած հանրային դասախօսութիւն մը կազմակերպած էր։ Միջոցառման բաղկացուցիչ մաս էր գրադարանի թամանեանական մեծ ցուցասրահէն ներս բացուած Թամանեանին վերաբերող գրականութեան ցուցադրութիւնը, որ բաց պիտի մնայ մէկ ամիս։

Marieta Gasparyan2_1 

Հանրային դասախօսութիւնը վարեց ճարտարապետ, ճարտարապետութեան պատմաբան, դոկտոր Մարիեթա Գասպարեանը։ Ան ներկայացուց Թամանեանի ճարտարապետական ժառանգութիւնը, նախագծած շէնքերը, ատոնցմէ մի քանիին պատմութիւնը, մասնագիտօրէն ու հանգամանալից վերլուծեց Իսահակեանի բնորոշմամբ՝ «ճարտարապետական անսպառ հմտութիւններու, փորձառութիւններու, խորունկ տեսութիւններու եւ անթերի ճաշակի ամբողջ աշխարհ մը» մեծ ճարտարապետին աշխատանքները։    
Մարիեթա Գասպարեանը առաջին հերթին եւ առաւել մանրամասնօրէն խօսեցաւ Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքին մասին, այնուհետեւ անդրադարձաւ Թամանեանի նախագծած յարակից շէնքերուն՝ Երեւանի աստղադիտարանին, Ճարտարագիտութեան, եւ Անասնաբուժական հիմնարկներու, Բժշկական հիմնարկի անդամազննութեան շէնքերուն, Աբովեան փողոցի վրայի հիւանդանոցային համալիրին եւ այլն։  

Marieta Gasparyan1_1 

Թամանեանի նախագծով՝ Երեւանի մէջ, ընդհանուր առմամբ, 14 շէնք եւ շինութիւն կառուցուած է։ Ատոնց թագն ու պսակը, անշուշտ, Կառավարական տունն ու Ժողովրդական տունն են (Օփերայի եւ պալեթի թատրոն)։ Ճարտարապետութեան գլուխգործոցներ, որոնք ըստ արժանւոյն գնահատուեցան։   
Կառավարական տան համար Թամանեանին յետմահու շնորհուած է պետական մրցանակ, իսկ օփերային թատրոնի շէնքին նախագիծը՝ Փարիզի համաշխարհային ցուցահանդէսի շրջանակէն ներս Մեծ ոսկեայ շքանշան մը շահած է։ Երեւանի գլխաւոր յատակագիծի, Երեւանի, Փեթերսպուրկի, Մոսկուայի բազմաթիւ կարեւոր շէնքերու հեղինակ, ՀԽԸՀ ժողովրդական ճարտարապետ Թամանեանը դարձաւ հայ ճարտարապետութեան դարաւոր աւանդոյթներու ամէնէն մեծ ժառանգորդն ու զարգացնողը։  

IMG-2086_1 


Միջոցառման ընթացքին հնչած հարցման, թէ ինչո՛ւ Թամանեանը Մոսկուայէն տեղափոխուած է Հայաստան, Մարիեթա Գասպարեանը պատասխանեց, որ Թամանեանը մեծ հայրենասէր մըն էր եւ իր աւերուած երկիրը վերաշինելու գործին համար՝ թողուց Ռուսիոյ իր բարեկեցիկ կեանքը, բազմաթիւ նախագիծերը, իր մեծ ճարտարապետական ժառանգութեան բերած փառքն ու վաստակը, եւ 1923-ին Երեւան հաստատուեցաւ։ Այդպէս՝ հայրենիքին ծառայելու համար 1920-ական թուականներուն Երեւան եկան Ալեքսանդր Սպենդիարեանը, Մարտիրոս Սարեանը, Վահրամ Փափազեանը, Հրաչեայ Ներսիսեանը, Հրաչեայ Աճառեանը եւ շատ այլ մեծանուն հայեր։   
«Իմ բոլոր աշխատանքներուս մէջ, 1923 թուականէն սկսեալ, ես ջանացած եմ օգտագործել անցեալ դարերու ճարտարապետական ժառանգութիւնը։ Ես ձգտած եմ գտնել այնպիսի ձեւեր, որոնք կը համապատասխանէին երկրի կլիմայական պայմաններուն ու բնութեան եւ կ՚արտացոլէին անոր ժողովրդական ստեղծագործութիւնը»,- նշած է Թամանեանը։   
1924-ին՝ անոր նախագծով հաստատուած Երեւանի գլխաւոր յատակագիծը խոշոր երեւոյթ մըն էր ամբողջ Խորհրդային միութեան քաղաքաշինութեան մէջ։ Անիկա Երեւանի բոլոր յետագայ գլխաւոր յատակագիծերուն հիմքը դրաւ։ Պատահական չէ, որ Եղիշէ Չարենցը, 1936-ի փետրուար 20-ին, Թամանեանի անժամանակ մահուան լուրը լսելով, «Ակադեմիկոս Թամանեանի անմահ յիշատակին» բնաբանով գրեց իր յայտնի «Մահուան տեսիլը»՝ ձօն Երեւանի թամանեանական գլխաւոր յատակագիծին, Թամանեանին ու անոր Երեւանին. 
 

«Նա տեսած է երեւի արեւային մի քաղաք...  
Ինչպէս մաքուր մարմարի կապոյտ կողին նկարած  
Արեւային ժամացոյց՝ քարտէսն ահա քաղաքի,—  
Պողոտանե՛ր, փողոցներ՝ բոլորաձիգ երկարած,  
Իսկ կեդրոնում երկնահաս, Կրանիտեայ մի բագին....»։