ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Յուլիս 4-ին նշուեցաւ Հայաստանի ազգային գրադարանի հիմնադրման 105 ամեակը

հլս 10, 2024 Միջոցառումներ

nax.chulyan

Յուլիս 4-ին նշուեցաւ Հայաստանի ազգային գրադարանի հիմնադրման օրը։ Միջոցառման ներկայ էին ԿԳՄՄ նախարարուհի Ժաննա Անդրէասեանը, նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը, Հայաստանի ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութեանց բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանը, ԵՊՀ տնօրէն Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, գիտնականներ, արուեստագէտներ, գրադարանի բարեկամներ։ Ողջոյնի խօսքին մէջ Աննա Չուլեանը նշեց. «Անցեալով հպարտանալով՝ մենք ապագային կը նայինք ոգեշնչուած։ Թուային դարաշրջանին գրադարաններուն դերը փոխակերպուած է, եւ Ազգային գրադարանը եռանդով եւ նորարարութեամբ ընդունած է այս վերափոխումը։ Հաւատարիմ մնալով գրադարանի առաքելութեան՝ անիկա կը դառնայ հետազօտութիւններու եւ կրթութեան կեդրոն՝ խթանելով համագործակցութիւնը եւ գիտելիքի փոխանակումը ինչպէս ազգային, այնպէս ալ միջազգային մակարդակի վրայ»:

ch.bem

ԿԳՄՄ նախարարուհի Ժաննա Անդրէասեանը շնորհաւորեց գրադարանի 105-ամեակին առթիւ եւ գնահատանքի հետեւեալ խօսքերը ըսաւ. «Անցնելով երկար ճանապարհէ եւ ապրելով տարբեր ժամանակահատուածներ՝ Հայաստանի ազգային գրադարանը կրցած է պահպանել իր դերն ու գործառոյթը։ Այսօր շատ են խօսակցութիւնները այն մասին, որ արհեստագիտական զարգացումը գիրքը եւ ընթերցանութիւնը կը դարձնէ անցեալի մնացուկ։ Բայց վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ իրականութիւնը այլ է։ Արհեստագիտական զարգացման զուգընթաց՝ կ’աճի սէրը առ ընթերցանութիւն, կ’աշխուժանայ գիրքին հանդէպ հետաքրքրութիւնը։ Նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ամէնէն սիրելի եւ ժողովրդականութիւն վայելող տօներէն մէկը Գիրք նուիրելու օրն է։ Անիկա դարձած է հանրային վարքագիծ՝ անգամ մը եւս ցոյց տալով, թէ ի՛նչ կարեւոր է գիրքը մեր կեանքին մէջ եւ թէ ինչքա՛ն ներուժ ունինք, որ դեռեւս կրնանք բացայայտել։ Թուային աշխարհը կը վերափոխէ մեր մօտեցումները, բայց աւելի քան ակնյայտ է՝ գիրքերը պիտի շարունակեն ըլլալ մեր կեանքին անբաժան ուղեկիցը եւ ա՛լ աւելի մեծ նշանակութիւն պիտի ստանան։ Ի վերջոյ, արհեստական բանականութիւնը նոյնպէս կ’օգտագործէ գրադարանն ու տարբեր շտեմարաններ՝ գտնելու փնտռուող պատասխանները»։  

ddddd-1

Նախարարուհին նշեց, որ պետութեան միակ պարտաւորութիւնն ու յանձնառութիւնը պիտի ըլլայ շարունակել գրադարանի զարգացման ճանապարհը, արձագանգել մարտահրաւէրներուն, գտնել թուային դարուն գրադարանի ճիշդ դիրքաւորման, հանրային կեանքէն ներս նպատակային ներկայութեան ձեւը։ «Վստահ եմ, ունենալով սրտացաւ եւ նուիրուած աշխատակիցներ՝ մենք պիտի գտնենք գրադարանի զարգացման նոր ճանապարհը։ Սկսած ամէնէն տարրական պայմաններէն՝ բոլոր աշխատանքները մեր ամէնօրեայ ընելիքներն են, որոնք պէտք է իրականացուին համախումբ ջանքերով»,- եզրափակեց նախարարուհին։ Երկարամեայ եւ անբասիր ծառայութիւններու համար ԿԳՄՄ նախարարուհին ոսկեայ մետալով պարգեւատրեց գրադարանի չորս աշխատակիցներ՝ Ալիսա Ադամեանը, Քրիստինէ Մատթէոսեանը, Բալասան Յարութիւնեանը եւ Արմինէ Միրզախանեանը։

naa.bem

armine naxarar

alis

bella

isbn

Միջոցառման մասնակիցներու ծափողջոյններու ուղեկցութեամբ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհին շնորհակալագիրներ եւ 105-ամեակի կրծքանշաններ յանձնեց գործընկեր կազմակերպութիւններուն: 105-ամեակի արծաթեայ կրծքանշանները պատրաստուած են Թամանեանական շէնքի մուտքի կամարին վրայի յաւերժութեան խորհրդանիշի ձեւաւորման նմուշով, ընդամէնը 105 հատ, որոնք գրադարանը պիտի յանձնէ գրադարանին տարբեր նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն մէջ աջակցած կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն։

karmir tel

erajishtnrr