ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէս | մայիս

հնս 06, 2024 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

mayyy 

 

Հայաստանի մարզային եւ քաղաքային գրադարաններու մայիսին առաւել յաճախ սպասարկուած գեղարուեստական գիրքերու յառաջատար տասնեակին մէջ եօթը հայ (Րաֆֆի, Աշոտ Աղապապեան, Ալեքսանդր Շիրուանզադէ, Ստեփան Զօրեան, Մուրացան, Ակսէլ Բակունց, Վահան Թոթովենց) եւ երկու արտասահմանեան (Ալեքս Մայքլիտիս, Տաթո Թուրաշուիլի) գրող կայ:

Կիպրական ծագմամբ բրիտանացի գրող Ալեքս Մայքլիտիսի «Լռակեաց հիւանդը» հոգեբանական սարսափը 2019 թուականի փետրուարին լոյս ընծայումէն ետք զբաղեցուցածէ «Amazon.com»-ի վրայ ամէնէն շատ վաճառուած գեղարուեստական գիրքերու ցուցակի 2-րդ հորիզոնականը: Վէպին հայերէն թարգմանութիւնը Նիումակ հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուելէն ի վեր կայուն տեղ կը զբաղեցնէ գրադարաններու առաւել ընթերցուած գիրքերու լաւագոյն տասնեակներուն մէջ: «Լռակեաց հիւանդը» մայիսի ցուցակը կազմելու մասնակից աւելի քան 20 գրադարաններու ներկայացուցած սպասարկման տուեալներով կը գլխաւորէ մայիսեան լաւագոյն տասնեակը:

Րաֆֆիի «Սամուէլ», Շիրուանզադէի «Քաոս», Մուրացանի «Գէորգ Մարզպետունի», Ստեփան Զօրեանի «Կեանքի մը պատմութիւն», Վահան Թոթովենցի «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհին վրայ» վէպերը գրադարաններու մայիսեան տասնեակներուն մէջ են եւ կայուն ընթերցողական պահանջարկ ունին:

Թէեւ համադրուած ցուցանիշներով Ակաթա Քրիստիի վէպերէն որեւէ մէկը յառաջատար տասնեակ չէ անցած, սակայն արկածախնդրութեան թագուհիին գիրքերը կը շարունակեն բարձր տեղեր զբաղեցնել լաւագոյն տասնեակներուն մէջ գլխաւորաբար նոր թարգմանութիւններու շնորհիւ։ Անոր աւելի վաղ հրատարակութիւնները («Սպանութիւն արեւելեան ճեպընթացին մէջ», «Սպանութիւն կոլֆի դաշտին մէջ», «Էնտհաուզի առեղծուածը» եւ այլն) այլեւս հազուադէպ կը հանդիպին գրադարաններու ցուցակներուն վրայ։ Ամէն պարագայի՝ Ակաթա Քրիստիի վէպերը եւ վիպակները կը շարունակեն գլխաւորել Արարատի եւ Արմավիրի մարզային գրադարաններուն տասնեակները:

Սիրուած գրող Էրիխ Մարիա Ռեմարքը նոյնպէս պահանջուած հեղինակներու ցուցակին վրայ է գլխաւորաբար իր վերջին «Երկինքը ընտրեալներ չունի» թարգմանուած վէպով։ Ժամանակակից հայ հեղինակներէն ներկայիս բարձր ընթերցողական պահանջ ունին Աշոտ Աղապապեանի «Յովազ 1» եւ «Յովազ 2» վէպերը, իսկ անոր «Մենակը» Գեղարքունիքի մարզային գրադարանէն ներս մայիսին ամէնէն շատ սպասարկուած գիրքը եղած է: