ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէս | մարտ

ապր 05, 2024 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

տասնյակ 2024 արևմտահայերեն մարտ 
 

«Գիտե՞ս, Թէօ, որն է ամէնէն ծանրը. խոստովանել, որ մեզ այն ժամանակ, երբ ամէնէն շատը կարիքը կը զգանք, չեն սիրած։ Չսիրուած ըլլալու ցաւը սարսափելի զգացում մըն է», - Ալեքս Մայքլիտիս՝ «Լռակեաց հիւանդը»: Հայաստանեան գրադարաններու մարտին ամէնէն շատ ընթերցուած գիրքերը սիրոյ ամէնէն տարբեր դրսեւորումներու լիառատ աղբիւր են։ Հանրային բնոյթի գրադարաններէն ներս գեղարուեստական գիրքերու ընթերցանութեան մարտեան տասնեակը կազմուած է Հայաստանի ազգային գրադարանէն, 10 մարզային գրադարաններէ, Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական քաղաքային գրադարանէն եւ անոր մասնաճիւղերէն, ինչպէս նաեւ Աջափնեակ համայնքի Շարլ Ազնաւուրի անուան գրադարանէն, Սպիտակի եւ Ստեփանաւանի քաղաքային գրադարաններէն ստացուած ամէնէն շատ սպասարկուած գրականութեան ցուցակներու հիման վրայ։

Մարտեան յառաջատար եռեակին մէջ երկու հայ դասական եւ մէկ թարգմանական գիրք կայ։ Շիրուանզադէի «Քաոսը» եւ Րաֆֆիի «Սամուէլը» ընդգրկուած են վեց եւ աւելի գրադարաններու լաւագոյն տասնեակներուն մէջ։ Ինչպէս փետրուարին, այնպէս ալ մարտին կիպրական արմատներով ժամանակակից բրիտանացի գրող Ալեքս Մայքլիտիսի «Լռակեաց հիւանդը» վէպն է յաջորդը «յառջատարներու» շարքին մէջ։ Անոր «Կոյսերը» եւ «Ցասում» վէպերը նոյնպէս շատ պահանջուած են։ Հայ դասական գրողներէն տասնեակին մէջ են նաեւ Նար-Դոսը եւ Յակոբ Պարոնեանը։ Գլխաւորաբար Երեւանեան գրադարաններու տուեալներով՝ տասնեակին մէջ յայտնուած է նաեւ Ուիլիամ Շեքսփիրի «Համլեթը»։ Հայաստանի գրադարաններէն ներս ընթերցանութեան համանուագը կը շարունակուի։ Դասական եւ ժամանակակից հեղինակները կը շարունակեն խօսիլ մեր սրտերուն ու հոգիներուն հետ։ Լաւ գիրքերուն մէջ անպայման հոգի կայ, որ կը գերէ մեզ ու երկինք կը տանի։ Մեծն Շեքսփիրի խօսքերով՝ «Բառերս թէեւ կը թռչին վերեւ, սակայն մտքերս կը մնան ներքեւ... Երբեք բառերս առանց մտքերու երկինք չեն հասնիր»: