Հեռախոսահամար
հլս 03, 2024 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ
Հայաստանի հանրային գրադարաններէն ներս յունիսին ամէնէն շատ սպասարկուած գեղարուեստական գիրքերու ցուցակին վրայ 72 հեղինակ կայ։ Յունիսեան ցուցակը շատ նման է մայիսեան ընթերցումներուն։ Սպասարկուած գրականութեան մէջ կը գերակշռեն հայ դասական գրողները եւ դպրոցական ուսումնական ծրագրային գրականութիւնը։
Ամէնէն պահանջուած գեղարուեստական գիրքերու յառաջատար հնգեակին մէջ Րաֆֆիի «Խենթը» վէպն է, Գուրգէն Մահարիի «Մանկութիւն, պատանեկութիւն, երիտասարդութեան սեմին» ինքնակենսագրականը, Վահան Թոթովենցի գաւառական քաղաքի մը կեանքը ներկայացնող անզուգական «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհին վրայ» վիպակը, հայ նոր գրականութեան ազդարար Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» պատմավէպը եւ Դերենիկ Տեմիրճեանի պատմուածքները։ Արտասահմանեան երեք գրող (Ալեքս Մայքլիտիս, Ճոնաթան Սուիֆթ եւ Ակաթա Քրիստի) կ’եզրափակեն տասնեակը։
Գրադարաններու ընթերցողները ամառնային ընթերցանութեան ժամանակահատուածին նախապատուութիւնը տուած են Վախթանգ Անանեանի, Ակաթա Քրիստիի, Էրիխ Մարիա Ռեմարքի, Ստեփան Զօրեանի, Ռուբէն Եսայեանի վէպերուն եւ պատմուածքներուն։ Նախորդ ամիսներուն պէս, ընթերցողական բարձր պահանջ ունին Ալեքս Մայքլիտիսի գիրքերը, որոնցմէ երկուքը՝ «Ցասում» եւ «Լռակեաց հիւանդը», կը գլխաւորեն Արարատի եւ Գեղարքունիքի մարզային գրադարաններու տասնեակները։ Անսպասելիօրէն երեւանեան գրադարաններէն ներս յառաջատար տեղ զբաղեցուցած է 18-րդ դարու անգլիացի գրող, երգիծաբան եւ հասարակական գործիչ Ճոնաթան Սուիֆթի «Կուլիւէրի ճամբորդութիւնը»։ Թերեւս ամառնային արձակուրդներն են պատճառը եւ մարդոց ճամբորդական տրամադրութիւնները: