Հեռախոսահամար
հկտ 10, 2024 Միջոցառումներ Գրական հանդիպումներ
Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս գրական հանդիպումներու հերթական մասնակիցը ժամանակակից ռուս գրող, պատմաբան, գրաքննադատ, բազմաթիւ գրական մրցանակներու դափնեկիր Սերկէյ Պելեաքովն էր: Անոր հետ զրուցը վարեց գրականագէտ, գրաքննադատ Իւան Ռոտիոնովը: Հանդիպման նիւթն էր՝ «Օսթափ Պենտէր. կերպարի ստեղծողները եւ նախատիպերը՝ իրական եւ յօրինովի»:
«Տասներկու աթոռը» եւ «Ոսկէ հորթը» 20-րդ դարու ռուս գրականութեան ամէնէն յայտնի վէպերէն են։ Օսթափ Պենտէրն ալ գրական ամէնէն յայտնի ռուս հերոսներէն է, գրեթէ նոյնքան յայտնի, որքան Եւկենի Օնեկինը, Կրիկորի Փեչորինը, Ռոտիոն Ռասքոլնիքովը, Անտրէյ Պոլքոնսկին, Փիեռ Պեզուխովը։ Բայց ո՞վ էր անոր նախատիպը կամ արդեօք ունէ՞ր նախատիպ։ 1978-ին Վալենթին Քաթայեւը կը պատմէ «Տասներկու աթոռ» վէպի ստեղծման պատմութիւնը եւ որպէս նախատիպ կու տայ Օսթափ Շորի անունը: Իսկապէ՞ս Շորը Պենտէրի նախատիպն էր, թէ ասիկա Վալենթին Քաթայեւի գրական կեղծիքն է: Վերջին 10-12 տարիներուն ի յայտ եկաւ նոր արտառոց առասպել մը՝ ըստ որուն Օսթափ Պենտէրի մասին վէպերու հեղինակը ոչ թէ Իլիա Իլֆն ու Եւկենի Փեթրովն էին, այլ անոնց վաղեմի ընկեր Միխայիլ Պուլկաքովը։ Մի՞թէ ասիկա ճիշդ է: Պատմութիւնը գիտութիւն է, որ կ’օգնէ առանձնացնել ճշմարտութիւնը սուտէն, հերքել առասպելները եւ հասկնալ, թէ իրականութեան մէջ ինչպէս են տեղի ունեցած են իրադարձութիւնները: Պատմաբան եւ գրող Սերկէյ Պելեաքովը այժմ կ’աշխատի «Քաթայեւ եղբայրներ» գիրքին վրայ։ Անոր երէկուան ելոյթը իր ապագայ գիրքին նիւթերուն կը վերաբերէր։
Ազգային գրադարանէն ներս ռուս ժամանակակից գրողներու հետ հանդիպումները տեղի ունեցան Մոսկուայի Թարգմանութեան հիմնարկի նախաձեռնութեամբ՝ Գիրքի միջազգային փառատօներուն եւ գիրքի տօնավաճառներուն ռուսական մասնակցութեան ծրագրի շրջանակէն ներս՝ Երեւանի գիրքի միջազգային փառատօնին համընթաց։