Հեռախոսահամար
օգս 23, 2023 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Մայիս 31-ին Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս, պատկերագիրքերու եւ այլ նիւթերու ընդարձակ ցուցադրութեամբ եւ բանախօսութիւններով, նշուեցաւ հայ ականաւոր գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի ծննդեան 100-ամեակը։ Նկարիչին մասին նիւթերը ընտրած եւ ցուցադրութիւնը պատրաստած էին գրադարանի Արուեստի բաժնի աշխատակիցները։
Ցուցահանդէսի դիտումէն ետք, գրադարանի թամանեանական մեծ դահլիճէն ներս, Յակոբ Յակոբեանի արուեստի երկրպագուներուն առջեւ ելոյթ ունեցան եւ գնահատանքի խօսք յղեցին գրադարանի Արուեստի բաժնի վարիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Լուսինէ Յիշէեանը, գրականագէտ, գրաքննադատ, արուեստաբան Երուանդ Տէր-Խաչատրեանը եւ գեղանկարիչ, արուեստաբան Հրազդան Թոքմաճեանը։
Ընդգծենք, որ թէ՛ Տէր-Խաչատրեանը, թէ՛ Թոքմաճեանը անձնապէս ճանչցած են Յակոբ Յակոբեանը: Լուսինէ Յիշէեանը նկարաշարով ներկայացուց նկարիչին կեանքին եւ ստեղծագործութեան ժամանակագրութիւնը։ Ան անդրադարձաւ Յակոբ Յակոբեանի կեանքի եգիպտական, ֆրանսական շրջաններուն, Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձութեան եւ հայ նկարչութեան մէջ ինքնուրոյն ըսելիքին։ Բանախօսը ելոյթը եզրափակեց՝ հրապարակելով Յակոբ Յակոբեանի Ազգային գրադարան վերջին այցելութեան լուսանկարը՝ 2013 թուին:
Իր ընդարձակ խօսքին ընդմէջէն՝ արուեստաբան Երուանդ Տէր-Խաչատրեանը ընդգծեց Յակոբ Յակոբեան ստեղծագործողին բնորոշ՝ Հայաստան աշխարհի իր պատկերները տեսնելու կարողութիւնը, գիծի եւ իր նախընտրած զուսպ գոյներու անսպառ երանգները եւ այն նոր ըսելիքը, որ հայ գեղանկարչութեան ասպարէզ բերաւ Յակոբ Յակոբեանը։ Արուեստաբանը բարձր գնահատեց նաեւ Յակոբ Յակոբեանի գրաւոր խօսքը՝ համեմատութեան եզրեր մատնանշելով հայ այն գեղանկարիչներուն հետ (Վարդգէս Սուրէնեանց, Եղիշէ Թադէոսեան, Մարտիրոս Սարեան), որոնք նոյնպէս ոչ միայն վրձինի վարպետներ եղած են, այլ նաեւ՝ գրաւոր եւ գեղարուեստական խօսքի։
Գեղանկարիչ, արուեստաբան Հրազդան Թոքմաճեանը հետաքրքրական դրուագներ եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուց նկարիչին մասին: Ան Յակոբ Յակոբեանի կեանքին Գիւմրի ապրած տարիներէն փոքրիկ դրուագ մը կամրջեց տարիներ անց Սուրիոյ Այնթապ գիւղաքաղաք կատարած իր այցելութեան հետ։ Ցերեկոյթի աւարտին՝ ելոյթ ունեցաւ նկարիչին դուստրը՝ Նորա Յակոբեանը, ով մեծաթիւ ներկաներուն պատմեց հօր անսահման ընթերցասիրութեան մասին, թէ որքա՛ն ան կը սիրէր իր գրադարանը, որքա՛ն կը սիրէր կարդալ՝ ընդգծելով, որ նկարիչը իր կեանքը չէր պատկերացներ առանց գիրքերու։