Հեռախոսահամար
փտր 07, 2024 Միջոցառումներ Սինէ-ակումբ
Ֆրանսացի ֆիլմագէտ ու ֆիլմի բեմադրիչ Փաթրիք Քազալսը յունուար 23-ին հիւրընկալուած էր Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս: Թամանեանական մեծ դահլիճը լեփլեցուն էր Սերկէյ Փարաճանովի, ինչպէս նաեւ ֆրանսական ֆիլմի երկրպագուներով: Ֆիլմ սիրողները դիտեցին Փաթրիք Քազալսի «Սերկէյ Փարաճանով. ապստամբը» (2003) եւ «Պարոն Սարթրի եւ տիկին տէ Պովուարի արկածները Կովկասի մէջ» (2003) կարճ ֆիլմերը։ Գարեգին Զաքոյեանը նախապէս հանդիսատեսին ներկայացուց Քազալսի երկու ֆիլմերը։ Այնուհետեւ ողջոյնի խօսք ըսաւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակոյթի եւ համագործակցութեան հարցերով խորհրդական Կիոմ Նարժոլէն։
Փաթրիք Քազալսը մօտէն ճանչցած է Սերկէյ Փարաճանովն ու անոր հետ երկարամեայ մտերմութիւն ունեցած է։ Դեռեւս 1988-ին, Փաթրիք Քազալսը առաջիններէն մէկը եղած է, ով Փարաճանովին նուիրուած ֆիլմ մը նկարած է։ Փարիզի մէջ, եւ իր բազմաթիւ ուղեւորութիւններու ժամանակ, ան բազմիցս հանդիպած է Փարաճանովին եւ ներկայ գտնուած է նաեւ Երեւանի մէջ անոր վերջին հրաժեշտին ու յուղարկաւորութեան։ Հանդիսատեսը մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեց նաեւ բեմադրիչին «Պարոն Սարթրի եւ տիկին տէ Պովուարի արկածները Կովկասի մէջ» (2003) ֆիլմը, որ կը պատմէ 1963 թուականին ֆրանսացի հռչակաւոր փիլիսոփայ, գրող Ժան Փօլ Սարթրի եւ անոր տիկնոջ՝ գրող Սիմոնա տէ Պովուարի Հայաստան, Վրաստան եւ Լիթուանիա այցելութեան մասին։ Ֆիլմին մէջ նշանաւոր զոյգին հայաստանեան այցելութեան մասին յուշեր կը պատմէ գրող, գրաքննադատ եւ թարգմանիչ Ալեքսանդր Թոփճեանը։
Ֆիլմի դիտման աւարտին Փաթրիք Քազալսը պատասխանեց ֆիլմասէրներուն հարցումներուն։ Միջոցառման ներկայ էին նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակութային կցորդ, Հայաստանի ֆրանսական հիմնարկի գործադիր տնօրէն Դաւիդ Թիւրսը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակութային ծրագիրներու ղեկավար Ալեքսանդր Քլուզոն եւ այլք:
«Սերկէյ Փարաճանով. ապստամբը» (2003) փաստագրական ֆիլմի ցուցադրումով սկիզբ առաւ Հայաստանի ազգային գրադարանի՝ հայ մեծ ֆիլմի բեմադրիչին ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն շարքը։ Յառաջիկային գրադարանը Սերկէյ Փարաճանովին նուիրուած գրքային ցուցահանդէս մը, ինչպէս նաեւ հանրային բանախօսութիւն մը պիտի կազմակերպէ։ Ֆիլմի դիտում-հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս արդէն երրորդ տարին ըլլալով կազմակերպուող ֆրանսական ֆիլմին նուիրուած Սինէ ակումբի ծրագրով: ֆիլմի ակումբը կը կազմակերպէ «Ֆիլմադարան» ֆիլմի մշակոյթի զարգացման հասարակական կազմակերպութիւնը՝ Հայաստանի ազգային գրադարանի, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան եւ Ֆրանսական հիմնարկի աջակցութեամբ։
Նշենք, որ Ազգային գրադարան այցելութեան շրջանակէն ներս Փաթրիք Քազալսն ու միւս հիւրերը այցելեցին նաեւ գրադարանի #Գրատպութեան_թանգարան: Անոնք մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացան հայ գրատպութեան 510-ամեայ պատմութեան, յատկապէս հետաքրքրուեցան Ֆրանսայի մէջ տպագրուած հայերէն գիրքերով, առանձնակի հետաքրքրութեամբ ուսումնասիրեցին Ոսկան Երեւանցիի՝ Լիւտովիկոս 14-րդ թագաւորին ուղղուած՝ Ֆրանսայի մէջ տպարան բանալու խնդրագիրը։