Հեռախոսահամար
մրտ 01, 2024 Միջոցառումներ Սինէ-ակումբ
Քանի մը ժամէն ես կը լքեմ այս աշխարհը։ Մեզ պիտի գնդակահարեն այսօր ցերեկը՝ ժամը 15։00-ին։ Ինծի կը թուի, թէ ասիկա պատահականութիւն է իմ կեանքիս մէջ, ես ասոր չեմ հաւատար, բայց այնուամենայնիւ գիտեմ, որ այլեւս երբեք քեզ պիտի չտեսնեմ»։ Այսպէս սկսած է Միսաք Մանուշեանը սիրելիին ուղղուած իր նամակը։ Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ դահլիճը կրկին մարդաշատ էր։ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը, «Ֆիլմադարան» հասարակական կազմակերպութեան եւ Ազգային գրադարանի հետ համատեղ, կազմակերպած էր յատուկ ֆիլմի ցուցադրութիւն մը։ Պաստառին էր Ֆրանք Քասենթիի «Կարմիր պաստառը» ֆիլմը: Ցուցադրութիւնը նուիրուած էր Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններու աճիւններու ամփոփման փարիզեան Պանթէոնին մէջ, որ տեղի ունեցաւ երէկ՝ փետրուար 21-ին։
Բռնագրաւեալ Ֆրանսայի պատերուն փակցուած կարմիր պաստառը ժողովուրդի դատաստանին յանձնած էր խումբ մը օտարերկրեայ, մեծաւ մասամբ՝ համայնավար պարտիզաններ, որոնք կը ղեկավարէր հայազգի Միսաք Մանուշեանը: Ֆրանսայի համար պայքարող 23 ներգաղթեալ պարտիզաններէն 22-ը, որ ձերբակալուեցան գերմանացիներուն ծաւալած լայն արշաւին ընթացքին, գնդակահարուեցան Մոն Վալերիենի մէջ 1944 թուականին։ Լուի Արակոնի «Կարմիր ազդը» բանաստեղծութիւնը ճիշդ այս իրադարձութիւններուն մասին է, որ երգի վերածած է Լէօ Ֆերէն։ Երգը հայերէն թարգմանած եւ կատարած է Պերճ Թիւրաբեանը։ Ցուցադրութենէն առաջ հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունեցաւ ունկնդրելու այդ երգը։ Լէօ Ֆերէի երգը կը հնչէր նաեւ փարիզեան Պանթէոնին մէջ Մանուշեաններու աճիւններու ամփոփման ժամանակ։
«Կարմիր պաստառը» ֆիլմը, վստահաբար, մեծ տպաւորութիւն մը ձգեց հանդիսատեսին վրայ, որուն վկայութիւնն էր ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցած բուռն քննարկումը։ Հետեւեցէ՛ք Հայաստանի ազգային գրադարանի ֆէյսպուքեան էջին՝ չփախցնելու համար արդէն երրորդ տարին անընդմէջ Ֆրանսայի դեսպանատան, «Ֆիլմադարան»-ի եւ Ազգային գրադարանի համատեղ ֆիլմի ցուցադրումները։ Ֆիլմերը կը ցուցադրուին ֆրանսերէն՝ հայերէն եւ անգլերէն ենթագիրներով։ Մուտքը ազատ է։