ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէսը | յուլիս

սպտ 07, 2023 Նորություններ-arm Հայաստանյան տասնյակ

Untitled design - july   
 

«Ձեր կեանքին մէջ կու գայ պահ մը, երբ դուք պէտք է դադրիք ուրիշներուն գրած գիրքը կարդալէ եւ սկսիք գրել ձերը», Ալպերթ Էյնշթէյն։ Հայաստանի հանրային գրադարաններու ամէնէն շատ սպասարկուած գեղարուեստական գրականութեան յուլիսեան ցուցակներուն վրայ հայ եւ օտարազգի գրողներու 78 գիրք կայ։ Գիրքերէն 27-ն կը հանդիպին մէկէ աւելի գրադարաններու ցուցակներու վրայ։  

Ինչպէս յունիսին, այնպէս ալ յուլիսին՝ լաւագոյն տասնեակներուն տեղերը բաշխուած են դպրոցականներու ամառնային ընթերցանութեան ցուցակներու անմիջական ազդեցութեամբ։ Ամէնէն շատ ընթերցուած գիրքերու ցուցակներուն վրայ հայ դասական հեղինակներու (Դեմիրճեան, Զօրեան, Բակունց, Նար-Դոս, Թոթովենց) գիրքերն են, որոնք կը հանդիպին գրեթէ բոլոր գրադարաններու ցուցակներուն վրայ։ Նար-Դոսի պատմուածքները ընդգրկուած են 5 գրադարաններու տասնեակներուն մէջ։ Վախթանգ Անանեանի «Որսորդական պատմուածքները», Բակունցի եւ Դերենիկ Դեմիրճեանի պատմուածքները մրցանշային ընթերցանութեան ցուցանիշեր ունին՝ Արմավիրի մարզային գրադարանէն ներս։  

Նախորդ ամիսներուն պէս՝ ամէնէն ընթերցուող հեղինակներն են Ակաթա Քրիստին (անոր գիրքերէն ցուցակներուն վրայ 8 անուն կայ) եւ Նարինէ Աբգարեանը (3 գիրք)։ Շուրջ 10 գրող ներկայացուած է երկուական գիրքով։ Ասոնք այն հեղինակներն են, որոնց գիրքերը մշտապէս կ'ընդգրկուին լաւագոյն տասնեակներուն մէջ։ Իսկ ահա ֆրանսացի ժամանակակից գրողներ Միւրիէլ Պարպերին եւ Աննա Կաւալտան, երիտասարդ ստեղծագործող Ռաֆայէլ Մարգարեանը, թաթարական ծագմամբ ռուս գրող Կուզէլ Եախինան եւ Ֆրանսացի բժիշկ, գրող Ժան-Քրիստոֆ Ռիւֆէնը առաջին անգամ ըլլալով ընդգրկուած են Հայաստանի գրադարաններու լաւագոյն տասնեակին մէջ։ Ամառնային ընթերցանութեան հասարակածը արդէն հատած է։ Տեսնենք թէ ի՜նչ անակնկալներ կը սպասեն մեզի օգոստոսեան գրադարանային տասնեակներուն մէջ։