Հեռախոսահամար
սպտ 04, 2024 Նորութիւններ
Այսօր, երբ որեւէ տեղեկութիւն ստանալու համար բոլորը կը դիմեն որոնողական համակարգերու, մասնաւորապէս «Google»-ի օգնութեան, դժուար է պատկերացնել, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս իրենց հարկաւոր տեղեկութիւնները կը գտնէին համացանցի ստեղծումէն առաջ: 20-րդ դարու 50-60-ական թուականներէն սկսեալ շատ գրադարաններու մէջ յատուկ բաժիններ ստեղծուեցան, ուր գրադարանավարներուն պարտականութիւնը ընթերցողներուն հարցումներուն պատասխանելն էր: 1968 թուականին Նոր Եօրքի հանրային գրադարանէն ներս մէկ աշխատողով նման ծառայութիւն կազմակերպուեցաւ: Կարճ ժամանակ անց 10 աշխատող առտուընէ ուշ երեկոյ զբաղած էր հեռաձայնով ստացուող հարցումներուն պատասխանելով: Անոնց տրամադրութեան տակ 1.800 միաւոր տեղեկատու գրականութիւն կար (հանրագիտարաններ, բառարաններ, ուղեցոյցներ եւ այլն), սակայն, միեւնոյնն է, շատ հարցերու հնարաւոր չէր ըլլար անմիջապէս պատասխանել եւ լրացուցիչ հետազօտութեան կարիք կ’ըլլար:
Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս (այնժամ Ալ. Միասնիկեանի անուան պետական հանրապետական գրադարան) նոյնպէս տեղեկատու բաժին մը ստեղծուած էր, որուն աշխատողները՝ հետազօտող ընթերցողներուն հետ նախապէս համաձայնեցուած բնաբաններով, անոնց փոստով գրադարանային քարտերուն վրայ տպագրուած նիւթեր կ’առաքէին:
Մեր ընթերցողները այսօր անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ստանալու համար կրնան դիմել գրադարանի կայքին: Հարցերը կարելի է ուղղել կայքի «Հարց գրադարանավարին» պատուհանի միջոցաւ: Ազգային գրադարանի եռալեզու կայքը բազմազան բովանդակութիւն ունի: Իսկ դուք առաւել յաճախ գրադարանի կայքին ո՞ր բաժինը կը մտնէք: Ինչի՞ մասին կը ցանկայիք տեղեկանալ: