ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

3 կին հեղինակներու գիրքեր

փտր 07, 2025 Նորութիւններ

հեքիաթի ժամ   
 

Մեր ապրած-չապրած օրերու, ծանօթ-անծանօթ դէպքերու, չորս կնոջ ճակատագրի, երեւանեան հին ու նոր պատմութիւններու, ամէնէն տարբեր ուղիներով բանաստեղծական ճամբորդութիւններու մասին են 3 կին հեղինակներու ներքոյիշեալ գիրքերը։

Կարինէ Խոտիկեանի «Յետադարձ վերադարձ», Ալիս Յովհաննիսեանի «Աղաներու դարը եւ յետոն» վէպերը եւ Անահիտ Ղազախեցեանի «Աճող սիրտ» բանաստեղծութիւններու հայերէն-անգլերէն ժողովածոն ՀՀ ԿԳՄՄՆ աջակցութեամբ եւ Հայաստանի ազգային գրադարանի համակարգմամբ «Աջակցութիւն ստեղծագործողներուն, հետազօտողներուն եւ թարգմանիչներուն» դրամաշնորհային ծրագրով 2024-ին լոյս տեսած գիրքերու շարքին մէջ են։

Նոր Արեշի՝ հեղինակի հայրենի եզերքի ու հարազատ միջավայրի պատմութիւնն է ինքնակենսագրական տարրերով «Աղաներու դարը եւ յետոն» վէպը։ «Կենդանի եւ յուզիչ է վէպը առաջին հերթին այն բանին շնորհիւ, որ հեղինակը ունի վերապատումի շնորհ։ Ան ոչ թէ կը նմանակէ, այլ կը վերապրի նկարագրուող կեանքը...»,- գիրքին յառաջաբանին մէջ ընդգծած է խմբագիրը։

«Յետադարձ վերադարձ»-ի վարպետօրէն միահիւսուած պատմութիւնները «ճշմարտութեան չափ տրամաթիք են, յօրինման պէս անկանխատեսելի ու երազային»։ «Անվերջանալի թուացող նախադասութիւնը վերջապէս վերջակէտելով՝ ետ ինկայ բազկաթոռին վրայ, չտեսնող հայեացքս համակարգիչի պաստառի գրութեան՝ տուփէն հանեցի սիկարէթը, հրահանը մօտեցուցի... չէ, չեմ ծխեր. որ իմ սենեակիս մէջ լոյսը վառած է, բնական է, այս ժամուն միշտ ալ կ'աշխատիմ...»,- բոլոր ստեղծագործողներուն ծանօթ պատկեր մը, չէ՞...

«Աճող սիրտ»-ը երիտասարդ գրողին բանաստեղծական երկրորդ ժողովածոն է, որուն անգլերէն թարգմանութիւնը եւս հեղինակինն է։ Բանաստեղծութիւններուն մէջ «աշխարհագրութիւններ, առասպելներ, քարտէսներ, օդանաւեր...» կան, նաեւ՝ «Յիշողութիւններ նախորդ կեանքերէն, լռութեան ձեւեր ու նկարագրութիւններ, հմայախօսքեր, փուշեր ու ծաղիկներ, կայ նաեւ աճող սիրտ՝ լի ու լի այս ամէնով»։ Ճիշդ մեր կեանքին պէս։