ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Ժառանգութեան պահպանութիւն՝ յանուն կայուն ապագայի» երկրորդ միջազգային գիտաժողովը

հկտ 14, 2024 Նորութիւններ Միջոցառումներ

կլոր սեղան ամփոփում 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս hոկտեմբեր 3-4-ին տեղի ունեցաւ «Ժառանգութեան պահպանութիւն՝ յանուն կայուն ապագայի» խորագրով միջազգային երկրորդ գիտաժողովը՝ նուիրուած Հայաստանի ազգային գրադարանի հիմնադրման 105-ամեակին։ Գիտաժողովին կը մասնակցէին աշխարհի 20 երկրներու 64 կազմակերպութեան շուրջ 200 մասնակիցներ։ Գիտաժողովի կազմակերպիչները ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ մէկ յարկի տակ համախմբած էին միջազգային մասնագիտական ներուժը. գրադարաններու տնօրէններ, ճանչցուած միջազգային գործիչներ, գրադարանային-տեղեկատուական ոլորտի երիտասարդ եւ հեռանկարային մասնագէտներ:

Գառնի ամփոփում

Հոկտեմբեր 3-ին գիտաժողովի հանդիսաւոր բացման ողջոյնի խօսք առաւ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը։ Ան նշեց, որ գիտաժողովը նուիրուած է Հայաստանի ազգային գրադարանի պետական կարգավիճակ ստանալու 105-ամեակին եւ իր ելոյթը աւարտեց գրադարաններու ապագային վերաբերեալ շարք մը հարցադրումներով. Ի՞նչ պիտի ըլլայ գրադարաններուն դերը թուային դարաշրջանին: ինչպէ՞ս գրադարանները պիտի հաւասարակշռեն ֆիզիքական եւ թուային հաւաքածոները: ինչպէ՞ս կրնան գրադարանները արդիական մնալ արհեստական բանականութեան եւ տեղեկատուութեան ինքնաշխատ որոնման աշխարհին մէջ: Գիտաժողովի մասնակիցներu ողջունեց եւ յաջողութիւն մաղթեց ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Նախարարութիւնը կը կարեւորէ եւ մշտապէս կը քաջալերէ միջմշակութային երկխօսութիւնը եւ գործնական նոր կապերու հաստատումը։ Պետութիւնը կը կարեւորէ գրադարաններուն եւ գրադարանային գործունէութեան դերը հայ հասարակութեան կեանքին մէջ եւ մշտապէս ուշադրութեան կեդրոնը կը պահէ ոլորտին զարգացումը»: 


միջանքց ընդհանուր նկար ամփոփում

Լիագումար նիստին ելոյթներ ունեցան Պելճիքայի Գիտական քաղաքականութեան գրասենեակի (BELSPO) աւագ խորհրդական Քրիս տէ Լիւֆը, գերմանական Շփրինկէր նէյչըր հրատարակչական ընկերութեան «Global Books Business»-ի ղեկավար Փիթր Նիլս Թոմասը, Հայկական «ARLOOPA» ընկերութեան հիմնադիր Արման Աթոյեանը, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի դասախօս Մոլի Ֆրիմանը, Ռուսիոյ պետական գրադարանի տնօրէն Վատիմ Տուտան, Հունգարիոյ ազգային գրադարանի թուային կեդրոնի խումբի ղեկավար Քալչո Կիւլան, «Լոսիւթ» իրաւաբանական ընկերութեան գործադիր տնօրէնուհի Անի Դաւթեանը եւ Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը։ Գիտաժողովի գլխաւոր խօսնակներու զեկուցումներուն առանցքը գրադարաններու եւ արհեստական բանականութեան փոխյարաբերութիւններու հարցերն էին։ Գրադարանի չորս դահլիճներէն ներս զուգահեռ կազմակերպուած քննարկումները նուիրուած էին հայկական ժառանգութեան պահպանութեան եւ հանրահռչակման, մատենագիտութեան, ընթերցանութեան խթանման, թուային բովանդակութեան կառավարման, մասնագիտական զարգացման եւ այլ նիւթերու։ Գիտաժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Եւրասիոյ գրադարանային վեհաժողովի անդամներու 28-րդ ընդհանուր ժողովը։

Գիտաժողովի շրջանակէն ներս յետագայ համագործակցութեան մասին յուշագիրներ ստորագրուեցան Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Սլովենիոյ ազգային եւ համալսարանական գրադարաններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգային գրադարանի եւ Պուլկարիոյ ազգային գրադարանին միջեւ։ Հոկտեմբեր 5-ին մշակութային ծրագիր մը կազմակերպուած էր գիտաժողովի հիւրերուն համար։ Անոնք այցելեցին Գեղարդի վանական համալիր եւ Գառնիի տաճար։ Այս օրերուն Ազգային գրադարանը բազմաթիւ շնորհակալական նամակներ կը ստանայ գիտաժողովի մասնակիցներէն։ Արդէն կարելի է ըսել, որ երկամեայ պարբերականութեամբ կազմակերպուող «Ժառանգութեան պահպանութիւն՝ յանուն կայուն ապագայի» միջազգային գիտաժողովը դարձած է Հայաստանի ազգային գրադարանի այցեքարտերէն մին։