ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Ֆրանսա-Հայաստան. պատմական եւ մշակութային երկխօսութիւն» միջազգային գիտաժողով

մյս 01, 2025 Նորութիւններ Պաշտօնական

IMG-0387-1-1

 

Ազգային գրադարանները իւրաքանչիւր ազգի տպագիր, շատ երկրներու մէջ նաեւ ձեռագիր ժառանգութեան պահպանութեան եւ սերունդէ սերունդ փոխանցող հաստատութիւններ են, անցեալի ժառանգութիւնը թուայնացնող եւ ատոնց հանրահասանելիութիւնը ապահովող կեդրոններ: Ապրիլ 29-30-ին Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆրանսա-Հայաստան. պատմական եւ մշակութային երկխօսութիւն» միջազգային գիտաժողովը, որ իր նշանակութեամբ նախադէպը չունեցող իրադարձութիւն մըն էր։

«Որպէս մշակութային կեդրոններ՝ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի ազգային գրադարանները մտաւոր ժառանգութեան պահպանման ու տարածման համար աւելի ու աւելի կը համատեղեն իրենց ջանքերը, յատկապէս թուայնացման նախագիծերու, նիւթերու փոխանակման, համատեղ ցուցահանդէսներու, փորձի փոխանակման, ակադեմական գործընկերութիւններու միջոցաւ։ Հայաստանի ազգային գրադարանը վերջին տարիներուն աշխուժօրէն կը համագործակցի Ֆրանսայի համապատասխան կառոյցներուն հետ՝ կազմակերպելով հայ-ֆրանսական մշակութային փոխյարաբերութիւններուն նուիրուած միջոցառումներ, ցուցահանդէսներ, եւ արդէն՝ գիտական համաժողովներ», նշեց Աննա Չուլեանը։ Լիագումար նիստին գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանի ողջոյնի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի ԿԳՄՄ նախարարուհի Ժաննա Անդրէասեանը։ Նախարար Ժաննա Անդրէասեանը իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները բացառիկ են պատմական, քաղաքական եւ մշակութային կապերու առումով:

«Այսօր հայ-ֆրանսական համագործակցութիւնը կ'ընդգրկէ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան բազմաթիւ ոլորտներ։ Յատկանշական է, որ գիտաժողովը տեղի կ’ունենայ Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ եւ կ'եզրափակէ Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօսութեան երկամսեակը։ Գրադարաններն ու գիտական հաստատութիւնները մշտապէս եղած են մշակութային երկխօսութեան կարեւոր հարթակներ։ Մեզ կը սպասեն բովանդակալից քննարկումներ եւ արժէքաւոր զեկոյցներ, որոնք կը խորացնեն հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու գիտական ուսումնասիրութիւնը եւ կը խթանեն մեր ժողովուրդներուն բարեկամութեան ամրապնդումը», ըսաւ նախարարուհին։ Գիտաժողովի կազմակերպման կարեւորութեան մասին խօսեցաւ եւ ներկաներուն ողջունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն. Կ. Օլիւիէ Տեքոթինին։

Ֆրանսայի ազգային գրադարանի նախագահ Ժիլ Փեքուն, ողջունելով ներկաները, անդրադարձաւ ֆրանս-հայկական յարաբերութիւններուն եւ «Արﬔնոֆիլ» շարժման պատմութեան։ Ան ներկայացուց Ֆրանսայի ազգային գրադարանի հայկական հաւաքածոներուն բազմազանութիւնն ու ատոնց նշանակութիւնը երկկողմանի համագործակցութեան համար եւ անդրադարձաւ մեր երկու երկրներու հաստատութիւններուն միջեւ մշակութային ժառանգութեան եւ գիտական համագործակցութեան հեռանկարներուն։

«Ֆրանսայի ազգային գրադարանը ունի հարուստ եւ բազմազան հայկական ժառանգութիւն. 350 ձեռագիրներ, 16-18-րդ դարերու 400 հայկական տպագիր գիրք, մենագրութիւններ, պարբերականներ, ինչպէս նաեւ հնատիպ քարտէսներ, լուսանկարներ, հին եւ միջնադարեան մետաղադրամներ։ Ընդհանուր առմամբ, Ֆրանսայի ազգային գրադարանին մէջ կը պահպանուի աւելի քան 1.000 հայերէն միաւոր», յաւելեց բանախօսը։ Ֆրանսայի ազգային ժառանգութեան հիմնարկի տնօրէն Շարլ Փերսոնան հանդէս եկաւ «Մշակութային ժառանգութեան պահպանման ոլորտէն ներս հայ-ֆրանսական համագործակցութեան հինգ տարիները» խորագրով զեկոյցով։ Գիտաժողովի պատուաւոր հիւրերէն էր նաեւ Ֆրանսայի Ռոմանի շրջանի Երաժշտութեան եւ պարի ազգային դպրոցի տնօրէն, Ստեփան Էլմասի հիմնադրամի եւ Տրոմի շրջանի նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Ալեքսանդր Սիրանոսեան։

Հայաստանի ազգային գրադարանի Անձեռնմխելի գրականության բաժնում պահպանվում է 2692 միավոր ֆրանսերեն գրականություն, որից մի փոքր մաս ցուցադրված է մեծ ցուցասրահում։ Ցուցադրված ամենահին ֆրանսերեն գիրքը «ZONORAS JEAN» (LES HISTOIRES ET CRONIQUES DU MONDE. - PARIS: PIERRE L' HUILLIER։ 1583, 989 p.) գիրքն է։ Հավաքածուում մեծ թիվ են կազմում բառարանները, հանրագիտարանները պատմական և ճանապարհորդական աշխատություններ:

Գիտաժողովին մասնակցեցաւ եւ Ֆրանսայի ազգային գրադարանի հայերէն ձեռագիրներու եւ արխիւներու մշակման մասին խօսեցաւ հնագիտութեան եւ համակարգչային նշաճանաչման մասնագէտ Շահան Վիտալ-Կորէնը: Ան Փարիզի գիտութիւններու եւ գրականութեան համալսարանի կանոնադրութեան ազգային դպրոցի «Քալֆա» արհեստագիտական կեդրոնի նախագահն ու հիմնադիրն է, որ մասնագիտացած է արհեստական բանականութեան եւ ժառանգութեան պահպանման ոլորտին մէջ, ներգրաւուած է հայկական պաշարի թուայնացման բազմաթիւ նախագիծերու մէջ։

«Ֆրանսա-Հայաստան. պատմական եւ մշակութային երկխօսութիւն» խորագրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովի շրջանակէն ներս Հայաստանի ազգային գրադարանը, ի դէմս տնօրէնուհի Աննա Չուլեանի, համագործակցութեան յուշագիրներ ստորագրեց Ֆրանսայի ազգային գրադարանի, կանոնադրութեան ազգային դպրոցի, ինչպէս նաեւ «Քալֆա» ժամանակակից արհեստագիտութեանց ֆրանսական կազմակերպութեան հետ: Գիտաժողովին կը մասնակցէին նաեւ Լիոնի կաթողիկէ համալսարանի դասախօս, պատմաբան եւ հայագէտ Մաքսիմ Եւատեանը, Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութեանց պետական հիմնարկի (INALCO) դասախօս, արուեստի պատմաբան, տոցենթ Աննա Լէյլոյեան-Եկմալեանը, հասարակական գործիչ, «Europe & Orient» աշխարհաքաղաքական պարբերականի տնօրէն եւ շարք մը գիրքերու հեղինակ Վարուժան Սիրափեանը եւ այլք։

Հայաստանէն գիտաժողովին մասնակցեցին եւ ելոյթներով ներկայացան մշակութային շարք մը գործիչներ՝ հրատարակիչներ, խմբագիրներ, պատմաբաններ, գրականագէտներ, լեզուաբաններ, ֆիլմագէտներ, երաժշտագէտներ, հայագէտներ եւ ոլորտի այլ ներկայացուցիչներ։ Տես՝ Գիտաժողովի նիւթերու ժողովածոյին մէջ։ Գրադարանի մեծ ցուցասրահին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած էին ՀԱԳ անձեռնմխելի գրականութեան բաժնի՝ Ֆրանսայի մէջ հրատարակուած հայերէն եւ ֆրանսերէն հնատիպ գրականութեան եւ մամլոյ բացառիկ նմուշներ: Հայաստանի ազգային գրադարանի Անձեռնմխելի գրականութեան բաժնին մէջ պահպանուած է 27692 միաւոր ֆրանսերէն գրականութիւն, որմէ փոքր մաս մը ցուցադրուած է մեծ ցուցասրահին մէջ։ Ցուցադրուած ամենահին ֆրանսերէն գիրքը «ZONORAS JEAN» (LES HISTOIRES ET CRONIQUES DU MONDE. - PARIS: PIERRE L' HUILLIER։ 1583, 989 p.) գիրքն է։

Հաւաքածոյին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն բառարանները, հանրագիտարանները, պատմական եւ ճանապարհորդական աշխատութիւնները: Հաւաքածոյին մէջ պահպանուող ֆրանսերէն ամենավաղ ժամանակաշրջանի գիրքը 1552 թուականին Փարիզի մէջ հրատարակուած «Համընդհանուր տիեզերագնացութիւն» գիրքն է: 1739 թուականին Հոլանտայի Լահէ քաղաքին մէջ տպագրուած Եթովպացիներու եւ հայերու քրիստոնէութեան պատմութիւնը եւս ցուցադրուած գիրքերու ցանկին վրայ էին։ 1702 թուականին Փարիզի մէջ տպագրուած Ֆրենսիս Պեքոնի «Նոր Ատլանտիտա» աշխատութիւնը, Տենի Թիթրոյի «Հանրագիտարան»-ի 4-րդ հատորը՝ տպագրուած Փարիզի մէջ 1754 թուականին, Պլուտարքոսի 1787-ին տպագրուած ստեղծագործութիւնները եւս ներառուած էին ցուցադրուող գրականութեան մէջ։

Երկօրեայ գիտաժողովին ընթացքին առանձին ցուցասրահի մը մէջ տեղի ունեցաւ հայաստանեան հրատարակչութիւններու («Անտարէս», «Նիումեկ», «Անկիւնաքար», «Էտիթ Փրինթ», «Աքթուալ արուեստ», «Նահապետ» հրատարակչութիւնները եւ «Ֆիլմադարան» ՀԿ) գիրքերու ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են հայ-ֆրանսական փոխառնչութիւններուն նուիրուած հրատարակութիւններ, ֆրանսական գրականութեան թարգմանութիւններ եւ այլն։ Գիտաժողովին հանդիսաւոր փակումը տեղի ունեցաւ Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ։

Գիտաժողովի փակման յաջորդեց «Վերադարձ դէպի Տիգրանի փոխակերպութիւնները» համերգային ծրագիրը: Հնչեցին հատուածներ արեւմտաեւրոպացի երաժիշտներու օփերաներէն, որոնք կ'առնչուին հայոց պատմութեան ու մշակոյթին: Համերգային ծրագիրը նուիրուած էր գիտաժողովի պատուաւոր բանախօս Ալեքսանդր Սիրանոսեանին, որ հեղինակած է հայկական նիւթերով եւրոպական օփերաներուն նուիրուած հրատարակութիւնը (Les métamorphoses de Tigrane / Alexandre Siranossian; avec la collaboration de Maxime K. Yevadian; préface de Reinhard Goebel. - Lyon: Sources d'Arménie, 2014)։ Գիտաժողովը եզրափակեց Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան երկամսեակը: