Հեռախոսահամար
հնվ 29, 2025 Նորութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանը կը հրաւիրէ հետազօտողները, դասախօսներն ու ակադեմական հանրութեան ներկայացուցիչները՝ մասնակցելու «Ֆրանսա-Հայաստան. դիւանագիտական եւ միջմշակութային փոխառնչութիւններ» խորագրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2025 թուականի ապրիլ 29-30-ին։ Գիտաժողովի նպատակը Ֆրանսայի եւ Հայաստանի պատմական, դիւանագիտական եւ մշակութային բազմաշերտ յարաբերութիւններու համակողմանի ուսումնասիրութիւնն է՝ բազմադարեայ երկխօսութեան շրջարկին մէջ։
Բնաբանային ուղղութիւններ Պատմական փոխյարաբերութիւններ. Խաչակրաց արշաւանքներ, Կիլիկիա, հայկական դիմադրութիւն: Դիւանագիտութիւն. միջպետական յարաբերութիւններ, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւն, խորհրդարանական համագործակցութիւն: Միջմշակութային յարաբերութիւններ. կերպարուեստ, երաժշտութիւն, ֆիլմարուեստ, թատրոն, ճարտարապետութիւն: Լեզու. հայագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ բառագիտութիւն: Գրականութիւն. գրական փոխազդեցութիւններ եւ մրցանակներ: Թարգմանաբանութիւն. գեղարուեստական թարգմանութիւններ եւ արդի նախագծեր: Հրատարակչութիւն. հրատարակչական գործի պատմութիւն, հայ-ֆրանսական հրատարակչութիւններու տպագիր ժառանգութիւն: Ժառանգութեան պահպանութիւն. վերականգնում, թուայնացում, արխիւային գործ:
Յայտի ընդունման պայմաններ Գիտաժողովին զեկուցումով ներկայանալու համար անհրաժեշտ է ուղարկել լրացուած մասնակցութեան յայտը (յաւելուած 1), զեկուցման համառօտ բնութագիրը (300-500 բառ) եւ հակիրճ ինքնակենսագրականը (150 բառ) dialogue.armfr@gmail.com ել. հասցէին մինչեւ 2025-ի փետրուար 3։ Գիտաժողովի աշխատանքային լեզուներն են՝ հայերէնը, ֆրանսերէնը եւ անգլերէնը: Գիտաժողովի մասնակիցներուն ճանապարհածախսը եւ կեցութիւնը պէտք է հոգայ գործուղող կողմը։