ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Կոմիտաս. ձայնային գործեր փոխադրուած դաշնամուրի համար»

մյս 12, 2025 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ

IMG-0387-1-1

 

«Կոմիտաս. ձայնային (վոկալ) ստեղծագործութիւններ՝ փոխադրուած դաշնամուրի համար» երգելու (հայերէն/ֆրանսերէն) արժէքաւոր աշխատութիւնը նուիրուած է Հայաստանի Ազգային Գրադարանին՝ ֆրանսահայ նշանաւոր դաշնակահար եւ տիրժոր Ալեքսանդր Սիրանոսեանի կողմէ

Այս ժողովածուի գաղափարը, որու առաջարկողն է Ալեքսանդր Սիրանոսեան, այն է՝ Կոմիտասի կողմէ մշակուած երգերը դաշնամուրի համար հասանելի դարձնել՝ հնարաւորին չափ հաւատարիմ մնալով կոմիտասեան բնօրինակներուն։ Այս սկզբունքը խստիւ պահպանուած է ժողովածուի ստեղծման ամբողջ ընթացքին։ «Մեր նպատակն է դաշնակահարներուն մատչելի դարձնել Կոմիտասի կողմէ մշակուած 24 երգերէ կազմուած ընտրանի մը՝ զանազան ոճերով, մեներգ կամ խմբերգի համար՝ դաշնամուրային նուագակցութեամբ կամ առանց անոր, միաժամանակ անփոփոխ պահելով բնօրինակին երաժշտական շարադրանքը։ Քչերը գիտեն, որ Կոմիտասի հրատարակած որոշ երգեր բաղկացուած են բազմաթիւ ժողովրդական մեղեդիներու համադրութենէն՝ մեթոտ մըն է, որու կիրարկումը սկսած էր արդէն անոր նախորդող երաժիշտներու՝ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի եւ Մակար Եկմալեանի կողմէ...» — կը նշուի ժողովածուի նախաբանին մէջ։

Ժողովածուի հեղինակ՝ Ալեքսանդր Սիրանոսեան Թարգմանութիւնը՝ Լիլիթ Յարութիւնեան