Հեռախոսահամար
մրտ 13, 2024 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ
Ո՞րն է Հայաստանի հանրային եւ համայնքային գրադարաններուն ամէնէն շատ պահանջուած գիրքերու տասնեակին ամէնէն բնորոշ յատկանիշը: Թերեւս այն, որ տասնեակը կազմուած է ընթերցողներու կամքի ազատ արտայայտութեամբ: Այս տասնեակին մէջէն կը բացակայի գրադարաններուն վրայ կրթական համակարգին անմիջական ազդեցութիւնը: Բացառութեամբ Դերենիկ Դեմիրճեանի «Երկիր հայրենի» թատերգութեան եւ Կէօթէի «Ֆաուստի» մնացած ութը գիրքերը գրադարանէն օգտուողները ընտրած են իրենց ազատ ժամանակը ընթերցանութեամբ լեցնելու եւ ոչ թէ քննութիւն յանձնելու, շարադրութիւն գրելու, յառաջիկայ դասին կամ սեմինարին նախապատրաստուելու համար: Գրադարանային հաւաքածոներու շրջանառութեան մէջ իրենց անփոխարինելի տեղը ունին հայ դասական գրողները:
Յովհաննէս Թումանեանի երկերը, Րաֆֆիի վէպերը, Շիրուանզադէի «Քաոսը», Նար-Դոսի «Մեր թաղը» եւ «Սպանուած աղաւնին», Զօհրապի նորավէպերը, Դերենիկ Դեմիրճեանի եւ Ակսէլ Բակունցի պատմուածքները, Ստեփան Զօրեանի «Կեանքի մը պատմութիւնը», Վահան Թոթովենցի «Կեանքը հին Հռոմէական ճանապարհին վրայ» եւ բազմաթիւ այլ հեղինակներ եւ ստեղծագործութիւններ գրադարակներուն վրայ գրեթէ չեն մնար:
2023-ին Հայաստանի գրադարաններէն ներս ամէնէն շատ սպասարկուած օտարազգի հեղինակը արկածախնդրութեան թագուհի Ակաթա Քրիստին է: Անոր վէպերը եւ վիպակները գրեթէ միշտ եղած են հարցման մասնակից գրադարաններու տասնեակներուն մէջ: Վերջին տարիներուն Ակաթա Քրիստիի մեր քովը տպագրուած աւելի քան քսան գիրքերէն «Սպանութիւն Արեւելեան ճեպընթացին մէջ» եւ «Դիակը գրադարանէն ներս» վէպերը ամէնէն պահանջուածն են: 2023-ին օտարագիր հեղինակներէն հայ ընթերցողները նախապատուութիւնը տուած են աֆղանական ծագումով ամերիկացի գրող Խալետ Հոսէյնիի «Օդապարուկ թռցնողը», քանատացի գրող Ալեքս Մայքլիտիսի «Լռակեաց հիւանդը», անգլիացի գրող Ճոճօ Մոյեսի «Ես մինչ քեզ», գերմանացի գրող Հերման Հեսսէի «Տափաստանի գայլը» եւ երիտասարդութեան սիրած գրող Էրիխ Մարիա Ռեմարքի «Երկինքը ընտրեալներ չունի» ամէնէն պահանջուած վէպերն են:
«Ամէն անգամ, երբ կարդացող մարդ մը կը տեսնեմ, կը լեցուիմ լաւատեսութեամբ», կ'ըսէ ժամանակակից սիրուած հեղինակ Յովիկ Աֆեանը: Աֆեանի գիրքերը յաճախակի կը հանդիպին գրադարանային լաւագոյն տասնեակներուն մէջ: ժամանակակից հեղինակներու գործերուն նկատմամբ ընթերցողական պահանջարկի ուսումնասիրութիւնը գրադարանային տասնեակները կազմելու կարեւոր նպատակներէն է: Ուրախալի է դասական հեղինակներու կողքին նոր անուններ տեսնել, որոնց գիրքերը իրենց կայուն ընթերցողական շրջանակը ունին: Դեկտեմբերեան տասնեակին մէջ է հայ արձակի մերօրեայ ճանչցուած վարպետ Գուրգէն Խանճեանի «Ենոքի աչքը» վէպը: «Մենակը», «Գաղտնիքներու տիրակալը», «Սեւ յովազ» եւ այլ վէպերու հեղինակ Աշոտ Աղապապեանը այս անգամ ամէնէն պահանջուած գիրքերու տասնեակին մէջ է իր «Թակարդ» վէպով: Տարեմուտէն գիրքերու տասնեակներուն մէջ մշտապէս ներկայ են ժամանակակից հեղինակներ Գոհար նաւասարդեանը եւ Սիւնէ Սեւադան, որոնք յայտնի են իրենց վէպերու պատկերասփռմամբ:
Մտահոգիչ է, որ գրադարանային տասնեակներուն մէջ գրեթէ չեն ընդգրկուիր դասական եւ ժամանակակից բանաստեղծներուն գիրքերը: Պատճառը թերեւս այն է, որ համացանցի վրայ կարելի է դիւրաւ որեւէ բանաստեղծութիւն գտնել: Թէ ուղղակի ժամանակները ոչ բանաստեղծական են: