ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Հայաստանի գրքային քարտէս | փետրուար

մրտ 11, 2024 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ

փետարևմ 
 

Գրողներու միջազգային օրը շնորհաւորելով՝ ներկայացնենք, թէ ո՛ր գրողներուն ամէնէն շատը կարդացած են հայաստանեան գրադարաններէն ներս: Հայաստանի հանրային եւ համայնքային գրադարաններուն ամէնէն շատ սպասարկուած գեղարուեստական գիրքերու ցուցակին առաջին հորիզոնականի անվիճելի յառաջատարը Յովհաննէս Թումանեանն է. փետրուարը յիրաւի ամենայն հայոց բանաստեղծին ամիսն է: Անցեալ ամիս ամէնէն շատ ապսպրուած են Թումանեանի բանաստեղծութիւններու, քերթուածներու, քառեակներու եւ հեքիաթներու գիրքերը։

 Երկրորդ տեղը կը զբաղեցնէ ժամանակակից բրիտանացի գրող Ալեքս Մայքլիտիսի «Լռակեաց հիւանդը» վէպը։ Ընթերցողները հերթ կը պահեն նաեւ անոր «Կոյսերը» եւ յունուար ամսուն հայերէն լոյս ընծայուած «Ցասում» վէպերը կարդալու համար։ Երրորդը՝ ժամանակակից սիրուած գրող, 9 վէպերու եւ յօդուածներու, պատումներու ժողովածոյի հեղինակ Աշոտ Աղապապեանն է, որուն «Գաղտնիքներու տիրակալը» վէպը, ինչպէս նաեւ արցախեան պատերազմներու մասին «Սեւ յովազ»-ի երկու գիրքերը երեւանեան գրադարաններէն ներս մրցակից չունին։ 

Ամէնէն պահանջուած գիրքերու տասնեակին մէջ են Րաֆֆիի «Սամուէլ» եւ Մուրացանի «Գէորգ Մարզպետունի» պատմավէպերը, Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատունը», ժամանակակից հայ արձակագիր Ռուբէն Եսայեանի «Փապուղիէն 13 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ» գիրքը։ Օտար հեղինակներու գիրքերէն տասնեակին մէջ են նաեւ Մարիս Պերզինշի «Կապարի համը», Վերժինիա Վոլֆի «Միսիս Տելուէյ» եւ Լիւսի Մոտ Մոնթկոմերիի «Աննան կանաչ կտուրներէն» վէպերը։ Ընթերցանութեան պատկերը դիտարկենք առանձին եւ տեսնենք, թէ ո՛ր մարզերու ընթերցողները ո՛ր հեղինակներուն նախապատուութիւն տուած են փետրուարին։ Թումանեանը ամէնէն շատ ընթերցուած հեղինակը եղած է Արմավիրի, Գեղարքունիքի, Լոռուայ, Սիւնիքի եւ Վայոց ձորի մարզերուն մէջ։ Արմավիրի մէջ ամէնէն շատ կարդացած են նաեւ Ակաթա Քրիստիի «Հինգ խոզուկներ»-ը:

Շիրակի մարզային գրադարանէն ներս ամէնէն բարձր պահանջարկը ունեցած է Ռեմարքի «Յաղթական կամար» վէպը։ Տաւուշեցիները Րաֆֆիի «Սամուէլ»-ը շատ կարդացած են։ Վարդգէս Պետրոսեանի «Հայկական ուրուագիրները» յառաջատարն է գրողին հայրենի Արագածոտնի մարզին մէջ։ Իսկ Արարատի եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ ամէնէն պահանջուած գիրքը Ռուբէն Եսայեանի «Փապուղիէն 13 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ» սարսափ ժանրի վէպը եղած է։ Երեւանցիները նախապատուութիւնը տուած են Աշոտ Աղապապեանի «Գաղտնիքներու տիրակալը» գիրքին: