Հեռախոսահամար
սպտ 30, 2025 Նորութիւններ Միջոցառումներ

Սեպտեմբեր 30-ին Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ «Ելեկտրոնային տեղեկատուութիւն գրադարաններու համար» (EIFL) միջազգային կազմակերպութեան տարեկան համաժողովը։ Անիկա Հայաստան բերած է 48 երկրներու գրադարանային ոլորտի եւ հեղինակաւոր գիտական հրատարակչութիւններու ներկայացուցիչներ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի, Հայաստանի թուային գրադարաններու ընկերակցութեան նախագահ Աննա Չուլեանը, ով ընդգծեց բաց հասանելիութեան եւ բաց գիտութեան սկզբունքներուն Հայաստանի յանձնառութեան նշանակութիւնը։ Այնուհետեւ մասնակիցները ողջունեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեան. ան նշեց «EIFL»-ի հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը Հայաստանի գիտական եւ կրթական համակարգերու զարգացման գործին մէջ։
Մասնակիցները ողջունեց «EIFL»-ի կառավարման խորհուրդի նախագահ Էմիլիա Պանիոնիթէն, իսկ «EIFL»-ի տնօրէնուհի Ռիմա Քուփրիթէն ներկայացուց կազմակերպութեան ընթացիկ ծրագիրներու թարմացումները։ Աւելին՝ «EIFL»-ի տարբեր նախաձեռնութիւններու վերաբերեալ ելոյթներով հանդէս եկան ծրագիրներու համակարգողները․ Իրինա Քուչմա - Հանրահասանելի տեղեկատուութիւն (EIFL-OA) Թերեզա Հաքեթ - Հեղինակային իրաւունք եւ գրադարաններ (EIFL-IP) Պրիթ-Մարի Վիտեպերկ - Բանակցութիւններ եւ արտօնագրում (EIFL-Licensing) Ռամունէ Փեթուչովայթէ - Հանրային գրադարաններու նորարարութեան ծրագիր (EIFL-PLIP)
Համաժողովի առաջին օրը ընդգրկեց շարք մը ուղղութիւններով նիստեր․ «Հանրահասանելի գիտութիւնը եւ տեղեկատուութիւնը Հայաստանի մէջ». ելոյթ ունեցան Ռաֆայէլ Բարխուդարեան (ԵՊՀ գիտական հարցերով համալսարանապետի տեղակալ) եւ Աննա Չուլեան (ՀԱԳ տնօրէնուհի), որոնք ներկայացուցին հանրահասանելի գիտական հանդէսներու, պահոցներու եւ ազգային քաղաքականութիւններու ներկայ վիճակը։ «Հանրահասանելի գիտութեան եւ գիտահետազօտական գնահատման բարեփոխումներ». Ֆրանսայի եւ Նիտերլանտներու փորձին մասին խօսեցան Ան-Քաթերին Ֆրիցինկէրը (Սորպոնի համալսարան) եւ Երոէն Պոսմանը (Ութրեխտի համալսարան)։ Ներկայացուեցաւ, թէ ինչպէս Սորպոնի մէջ դադրեցուած են «Web of Science»-ի եւ «Clarivate»-ի գործիքակազմի բաժանորդագրութիւնները՝ անցում կատարելով բաց եւ անվճար հարթակներու, մասնաւորապէս «OpenAlex»-ի։ Ութրեխտի համալսարանի փորձը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս գիտնականներու ճանաչումն ու յառաջխաղացումը կը հիմնուի թափանցիկութեան եւ հասարակական ազդեցութեան վրայ՝ հրաժարելով աւանդական վարկանիշներէ ու ազդեցութեան գործօններէ։
«Բանակցութիւններ հրատարակիչներու հետ» (միայն «EIFL» երկրներու մասնակիցներու համար). նիստի ընթացքին քննարկուեցան հեղինակաւոր միջազգային հրատարակչութիւններու հետ համագործակցութեան պայմանները։ Առաջին օրուան ծրագրին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ խմբային լուսանկար, մասնակիցներու միջեւ փորձի փոխանակում եւ մասնագիտական քննարկումներ։
Համաժողովը պիտի շարունակուի հոկտեմբեր 1-2-ին։ Օրակարգին վրայ նախատեսուած են քննարկումներ հեղինակային իրաւունքի եւ կրկնակի հրապարակման իրաւունքներու, «Diamond» բաց հասանելի հրատարակութիւններու, «Persistent Identifiers (PIDs)» գործիքներու կիրառման, ինչպէս նաեւ արհեստական բանականութեան եւ թուային պահոցներու արդի խնդիրներու շուրջ։
«EIFL»-ի տարեկան համաժողովը կարեւոր հարթակ մըն է, ուր կը միաւորուին միջազգային գրադարանային եւ ակադեմական համայնքներու ներկայացուցիչները՝ գիտելիքի փոխանակման, համագործակցութեան ամրապնդման եւ բաց գիտութեան սկզբունքներու զարգացման համար։
