Հեռախոսահամար
նմբ 20, 2023 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Հայ եւ համաշխարհային գրականութեան մէջ բազմաթիւ նշանաւոր գրողներ կան, որոնք աշխատած են բժշկութեան ասպարէզէն ներս: Ռուս գրողներ Անտոն Չեխովը եւ Միխայիլ Պուլկաքովը, անգլիացի գրողներ Արթուր Քոնան Տոյլը եւ Սոմերսեթ Մոէմը, ֆրանսացի գրող Ֆրանսուա Ռապլէն, աֆղանական ծագմամբ ամերիկացի գրող Խալետ Հոսէյնին եւ շատ ուրիշներ մասնագիտութեամբ բժիշկ եղած են:
Նոյեմբեր 16-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանը հիւրընկալեց բանաստեղծ, գրականագէտ, սփիւռքագէտ Արթուր Անդրանիկեանը, ով ելոյթ ունեցաւ «Բժշկութեան հոգեբանական ներգործութիւնը գրականութեան մէջ» խորագրով: Բանախօսը անդրադարձաւ մասնագիտութեամբ բժիշկ հայ գրողներուն՝ Ծերենցին, Նահապետ Ռուսինեանին, Ռուբէն Սեւակին, Շաւարշ Նարդունիին, Հրաչ Զարդարեանին, Ժիրայր-Վահէ Մալճեանին, Իկնա Սարըասլանին եւ Վարդգէս Դաւթեանին: Բոլորին գրական երկերուն մէջ կարելի է «տեսնել» անոնց բժշկական աչքը, որ իւրայատուկ հոգեբանական «հետք» մը թողած է:
Այնուհետեւ, բանախօսը միջոցառման մասնակիցներուն նուիրեց ամերիկահայ գրող Վարդգէս Դաւթեանի երկերու ժողովածոն: Միջոցառման աւարտին, ՀԱԳ տնօրէնի խորհրդական Ներսէս Հայրապետեանը, գրադարանին կողմէ Արթուր Անդրանիկեանին նուիրեց Ազգայինի՝ օրերս հրատարակած «Եղիշէ Չարենց. մատենագիտութիւն» գիրքը: