Հեռախոսահամար
մրտ 04, 2024 Նորութիւններ
Ֆրանսացի հայագէտ Ֆրետերիք Ֆէյտին իրաւացիօրէն գրած է. «Վարուժանը կը պատկանի նոյնքան Արեւմուտքին, որքան Հայաստանին»։ Դանիէլ Վարուժանը 1905-1909 թուականներուն ուսանած է Կենթի համալսարանէն ներս: Ի յիշատակ մեծ բանաստեղծին՝ 1958 թուականի փետրուար 9-ին, համալսարանի գրադարանէն ներս յուշատախտակ մը ամրացուեցաւ՝ Վարուժանի դիմաքանդակով եւ հայերէն, ֆրանսերէն ու ֆլամանտերէն արձանագրութիւններով։
Սուրբնծննդեան տօնի նախօրեակին, Հայաստանի ազգային գրադարանը նուէր մը ստացաւ Կենթի համալսարանի՝ 2019-ին հրատարակած բանասիրութեան եւ պատմութեան Պելճիքեան տեսութեան 97-րդ թիւին՝ Դանիէլ Վարուժանին նուիրուած յատուկ թողարկումը:
Պելճիքայի Կենթի համալսարանի փրոֆեսոր, դասական հայերէնի մասնագէտ Փիթէր վան Նուֆելէնի խմբագրութեամբ հատորը վերնագրուած է «Դանիէլ Վարուժան. հայ բանաստեղծը Կենթի մէջ. հարիւր տարի անց»: Ծաւալուն հատորը կը բացուի Փիթէր վան Նուֆելէնի եւ Սիմոն Փայասլեանի համանուն յօդուածով:
Հանդէսին մէջ զետեղուած են նաեւ Փիթէր Մեսսմեքէրի եւ Քրիստոֆ Վերպրուկէնի «Oտարերկրացի ուսանողները Կենթի համալսարանէն ներս մօտ 1900 թուին», ամերիկահայ հայագէտ Սիմոն Փայասլեանի «Դանիէլ Վարուժանը Կենթի համալսարանէն ներս (1905-1909), ֆրանսահայ գրող, գրաքննադատ Գրիգոր Պլըտեանի «Ես տեսայ Եւրոպան - Դանիէլ Վարուժան. պատկերներու ոչնչացման ժամանակը», գրականագէտ, իմաստասէր Մարք Նշանեանի «Դանիէլ Վարուժան. սուգ եւ աստուածներ» եւ այլ յօդուածներ: Ժողովածոն շուտով կը համալրէ ՀԱԳ «Արմենիքա» հայագիտական հաւաքածոն: Յաւելենք, որ 2024-ին կը նշուի Դանիէլ Վարուժանի 140-ամեակը: Ազգային գրադարանը միջոցառումներով պիտի նշանաւորէ մեծ բանաստեղծին յոբելեանը: