Հեռախոսահամար
սպտ 07, 2023 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ
Հայաստանի 10 մարզային եւ Երեւանի Իսահակեանի անուան քաղաքային գրադարանի սպասարկման վիճակագրական տուեալներով՝ հանրային եւ համայնքային գրադարաններու 2023-ի ապրիլին ամէնէն շատ սպասարկուած գեղարուեստական գիրքերու ցուցակին վրայ 81 անուն գիրք կայ։ Ապրիլեան համահաւաք ցուցակին վրայ հայ դասական եւ ժամանակակից 28 եւ արտասահմանեան 30 գրողներու գիրքեր կան, որոնք ընթերցողները փոխառած են տանը կարդալու համար կամ ալ կարդացած են գրադարաններու ընթերցասրահներէն ներս։ Ուրախալի է, որ ամէնէն պահանջուած տասնեակի յառաջատար եռեակը կազմուած է միայն հայ հեղինակներու գիրքերով։
Ամսուան ամէնէն շատ կարդացուած գիրքը Շիրուանզադէի «Քաոսն» է, որ ապսպրուած եւ կարդացուած է աւելի քան 60 անգամ։ Գիրքին ընդգրկուածութիւնը 5 մարզային գրադարաններու ցուցակին վրայ կը բացատրուի այն բանով, որ Շիրուանզադէի վէպը դպրոցական ընթերցանութեան պարտադիր ծրագրին մէջ է։ Հայ դասական հեղինակին կը հետեւին երկու ժամանակակից գրողներ՝ Աշոտ Աղաբաբեանը «Մենակը» վէպով եւ Սիւնէ Սեւադան «Աղի թէյ»-ով։ Աղաբաբեանը լաւագոյն տասնեակին մէջ կը ներկայանայ նաեւ «Թակարդը» վէպով։ Ընթերցանութեան ցուցանիշերով՝ անոր վէպերը յառաջատար են Երեւանի եւ Կոտայքի մարզերուն մէջ։
Տասնեակին մէջ շատ հեղինակներ ներկայացուած են երկու գիրքով։ Հերման Հեսսէն ներկայացած է 3 գիրքով։ Իսկ վերջին ամիսներուն՝ գրադարաններէն ներս ամէնէն շատ սպասարկուող հեղինակը չէ փոխուած։ Ակաթա Քրիստիի վէպերէն 7-ն տասնեակներուն մէջ է։ Հինգ տարբեր վէպերով առաւել շատ կարդացուող հեղինակներու շարքին է նաեւ երիտասարդութեան սիրելի գրող Էրիխ Մարիա Ռեմարքը։ Ամէնէն ընթերցուող հեղինակներու շարքին են Դերենիկ Դեմիրճեանը, Վարդգէս Պետրոսեանը, Գոհար նաւասարդեանը, Խալետ Հոսէյնին, Մարք Լեւին եւ Ճոճօ Մոյէսը։ Իսկ դուք ո՞ր գիրքը մտադիր էք ընթերցիլ մայիսին։