ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ազգային գրադարանի աշխատակիցներուն այցը Ստեփանավանի քաղաքային գրադարան

մրտ 28, 2024 Նորություններ-arm

hayro..

Թուային արհեստագիտութեանց եւ արհեստական բանականութեան դարաշրջանին գրադարաններուն համար առաջնային է ժամանակին համընթաց քայլելը, որուն կը նպաստէ գրադարանավարներու շարունակական վերապատրաստումը:

Հայաստանի ազգային գրադարանը սերտօրէն կը համագործակցի ոչ միայն Հայաստանի 10 մարզային գրադարաններու, այլեւ՝ քաղաքային եւ համայնքային գրադարաններու հետ, կ’օգնէ գրադարաններու համալրման, անհրաժեշտութեան պարագային՝ մեթոտական աջակցութիւն կը տրամադրէ:

khmb

Ազգային գրադարանի աշխատակիցները, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագրի «Քաղաքներու փորձարարական հիմնադրամ» ծրագրի համակարգող Նելլի Մինասեանի ուղեկցութեամբ, մարտ 14-ին այցելեցին Ստեփանաւանի քաղաքային գրադարան: Գրադարանի աշխատակազմի, Ստեփանաւանի համայնքապետարանի ներկայացուցիչներու եւ «In Stepanavan / Ստեփանաւանի մէջ» զարգացման հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման քննարկուեցաւ քաղաքային գրադարանի զարգացման ծրագիրը:

Յառաջիկային «In Stepanavan» զարգացման հիմնադրամի, Ճինիշեան յիշատակի հիմնադրամի եւ համայնքապետարանի համագործակցութեամբ քաղաքային գրադարանը պիտի ունենայ նորոգուած եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ յագեցած ժամանակակից ընթերցասրահ եւ ելեկտրոնային գրադարան, որ կը դիւրացնէ գրադարանէն օգտուիլը եւ գիրքերու սպասարկումը: Ազգային գրադարանի մասնագէտներուն աջակցութեամբ գրադարանավարները պիտի վերապատրաստուին՝ համայնքի բնակիչներուն արդի, թուային գրադարանին համապատասխան ծառայութիւններ մատուցելու նպատակաւ։ ։