ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Ազգային գրադարանի ամառային ծրագրերը

սպտ 05, 2024 Նորութիւններ

գհյկ 
 

Այս ամռան Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս իրականացուած է շուրջ 40 միջոցառում, որոնք ունեցած են աւելի քան 850 մասնակից: Այս ամիսներուն գրանցուած է 547 նոր ընթերցող, իսկ գրադարանի այցելութիւններուն թիւը կազմած է 24.324: Գրադարանէն ներս իրականացուած են նաեւ շարք մը նախաձեռնութիւններ, մասնաւորապէս Հայաստանի ազգային գրադարանի հիմնադրման 105-ամեակին առթիւ թամանեանական մասնաշէնքի երկրորդ յարկը բացուած է Հայաստանի ազգային գրադարանի թանգարանային ցուցասրահը:

Ամռան գրադարանէն ներս գործած են քանի մը գրքային ցուցահանդէսներ։ Առանձնակի ուշադրութեան արժանի է արեւմտահայ բանաստեղծ Զահրատի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը: Շարունակուած են կապերը մարզային եւ համայնքային գրադարաններուն հետ։ Գրադարանը շարունակած է «Ֆիլմադարան» հասարակական կազմակերպութեան հետ ֆրանսական ֆիլմերու ամէնամսեայ ցուցադրութիւն-քննարկումներու շարքը։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան անդրադարձը Հայաստանի ազգային գրադարանի աշխատանքին առաւել մանրամասն այստեղ: