ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Վիոլեթա Գէորգեան - 80

օգս 22, 2024 Նորութիւններ

vv 
 

«Ես սովոր էի շուրջ 22 տարի ապրիլ թատրոնի կեանքով, օր մը որ ներկայացում չէի ունենար, կը հիւանդանայի», - Վիոլեթա Գէորգեան Այսօր սիրուած հայ դերասանուհին կը դառնար 80 տարեկան։ Վիոլեթա Գէորգեանը ստեղծագործական գործունէութիւնը սկսած է 24 տարեկանին։ Ան շուրջ 20 դերեր խաղացած է Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնէն ներս: Սակայն Գէորգեանին փառք եւ ճանաչում բերած է Աղունի դերակատարումը Արտաշէս Յովհաննիսեանի «Մեծ աշխարհի մեր փոքր անկիւնը» թատերակին մէջ՝ ըստ Հրանդ Մատթէոսեանի «Աշնան արեւ» վիպակի։

Բեմադրութենէն 24 տարի անց՝ 2004 թուականին, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Թեքէեան» թատերախումբի հետ Վիոլեթա Գէորգեանը եկած էր Հայաստան, Արտաշէս Յովհաննիսեանը, որ երկար տարիներ պահած եղած է ներկայացման բեմական յարդարանքը՝ յուսալով, որ Վիոլեթա Գէորգեանը օր մը կու գայ Երեւան ու կրկին կը խաղայ Աղունի դերը, վերաբեմադրած է «Մեծ աշխարհի մեր փոքր անկիւնը»։