Հեռախոսահամար
դկտ 10, 2025 Հանրային դասախօսութիւններ Միջոցառումներ

Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս տեղի ունեցաւ տեղեկատուական անվտանգութեան փորձագէտ Աւետիք Պետրոսեանի հանրային դասախօսութիւնը «Տեղեկատուական անվտանգութիւնը գրադարանէն ներս» խորագրով։ Դասընթացին մասնակցեցան ինչպէս ՀԱԳ, այնպէս ալ Երեւանի համայնքային գրադարաններու ներկայացուցիչներ եւ ընթերցողներ։ Դասախօսութեան ընթացքին մասնակիցներուն ներկայացուեցաւ, թէ ինչու տեղեկատուական անվտանգութիւնը կարեւոր է հանրային գրադարաններու գործունէութեան մէջ։ Ընդգծուեցաւ, որ գրադարանները կը հանդիսանան վստահելի հանրային տարածքներ, ուր կը պահպանուին օգտատէրերու անձնական տուեալներ, կը տրամադրուին հանրային համակարգիչներ եւ կ՛ապահովուի Wi-Fi հասանելիութիւն, ինչ որ զանոնք կը դարձնէ հնարաւոր համացանցային յարձակումներու թիրախ։ Նշուեցաւ նաեւ, որ որեւէ տեղեկատուական միջադէպ կրնայ բացասաբար ազդել գրադարանի հեղինակութեան, հանրային վստահութեան եւ դրամամիջոցներու տրամադրման վրայ։
Աւետիք Պետրոսեանը ներկայացուց նաեւ պաշտպանուող հիմնական ոլորտները, որոնք կը ներառեն.
- Օգտատէրերու տուեալներ եւ ընթերցման պատմութիւններ,
- Գրադարանային աշխատակիցներու հաշիւներ (ILS, ելեկտրոնային հասցէ, ելեկտրոնային պաշարներ),
- Արտօնագրուած թուային բովանդակութիւն եւ բաժանորդագրութիւններ,
- Ներքին շրջանառութեան փաստաթուղթեր,
- Գրադարանի տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ենթակառոյց՝ շտեմարաններ, գրացուցակ, կայք, Wi-Fi եւ հանրային համակարգիչներ։
Դասախօսութիւնը աւարտեցաւ քննարկմամբ, որուն ընթացքին մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան հարցեր ուղղելու եւ ներկայացնելու իրենց առկայ խնդիրներն ու փորձը տեղեկատուական անվտանգութեան ոլորտէն ներս, շօշափուեցան տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման առնչուող գործնական խնդիրներ եւ անոնց լուծումները։ Հանդիպումը իրականացուեցաւ գրադարանավարներու եւ ընթերցողներու տեղեկատուական գրագիտութեան վերապատրաստման դասընթացներու ծրագրի շրջանակէն ներս։
