Հեռախոսահամար
հնվ 24, 2025 Միջոցառումներ
Երէկ Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ գրականագէտ, բանասիրական գիտութեանց դոկտոր Սամուէլ Մուրատեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած գրական երեկոյթը անցաւ սպասուած ջերմ եւ անկեղծ մթնոլորտի մը մէջ։ Միջոցառման կը մասնակցէին գրականագէտին գրչակից ընկերները՝ գրականագէտներ, գրողներ, մշակոյթի գործիչներ, գրադարանավարներ եւ ուսանողներ։
Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը յոբելեարին յանձնելով գրադարանի 105-ամեակի առթիւ թողարկուած խորհրդանշական 105 արծաթեայ կրծքանշաններէն մէկը, գրադարանին անունով շնորհաւորեց ՀԱԳ գիտական խորհուրդի անդամ Սամուէլ Մուրատեանը՝ շնորհակալական խօսքով նշելով անոր տարիներու աջակցութիւնը գրադարանի տարբեր բնոյթի ծրագիրներուն։
«Եթէ Սամուէլ Մուրատեանը ծնած ըլլար ասկէ հազար տարի առաջ, 10-րդ դարուն, ապա ես վստահ եմ, որ ան պիտի ըլլար ժամանակի ամէնէն նշանաւոր ասացողներէն մէկը։ Եթէ Սայեաթ-Նովայի ժամանակ ապրած ըլլար, անպայման աշուղ պիտի ըլլար։ Դեհ իսկ մեր ժամանակներուն մէջ բնականաբար անոր տեղը դասախօսական աշխատանքը եղաւ», իր մեծարման խօսքին մէջ ըսաւ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեանը։
Բազմաթիւ ելոյթ ունեցողները նշեցին Սամուէլ Մուրատեանի մարդկային արժանիքները, Յարութիւն Սուրխաթեանի, Երուանդ Օտեանի, Յովհաննէս Շիրազի գրական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան մէջ անոր մեծ ներդրումը։ Բոլոր ելոյթներուն մէջ կը նշուէր անոր զարմանալի յիշողութիւնը, որուն շնորհիւ մոռացութենէ եւ անդարձ կորուստէ փրկած է գրական բազում էջեր։
Միջոցառման աւարտին շնորհակալական խօսք արտասանեց յոբելեարը՝ իր խօսքը համեմելով Սայեաթ-Նովայի, Օտեանի, Շիրազի եւ այլ գրողներու խօսքերէն քաղուած ասոյթներով։