Հեռախոսահամար
սպտ 28, 2023 Միջոցառումներ Հանրային դասախօսութիւններ
Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս հանդիպում մը կազմակերպուած էր Ռիկայի հայկական համայնքի նախագահ, Լաթուիոյ հայերու «Արարատ» թերթի եւ Պալթեան երկրներու հայերու «Կռունկ» ամսագրի հիմնադիր հրատարակիչ Ալեքսանդր Գերոնեանի հետ։ Ան հանդէս եկաւ «Հայաստանը Լաթուիոյ ժամանակակից գրական հրատարակութիւններուն մէջ» խորագրեալ հանրային դասախօսութեամբ։ Բանախօսը ներկայացուց Լաթուիոյ մէջ իր հրատարակած գիրքերը, խօսեցաւ նաեւ «Արարատ» եւ «Կռունկ» ամսագրերուն մասին, որոնց մէջ, ի թիւս այլ յօդուածներու, տեղ գտած են անոր հեղինակած ու թարգմանած նիւթերը։
Օրինակ, «Արարատ»-ի մէջ Գերոնեանը, յղում կատարելով միջազգային տարբեր լրատուականներու հրապարակումներուն, ներկայացուցած է 2020 թուականին Ատրպէճանի սանձազերծած պատերազմին պատճառները, ատոր «հովանաւորներուն», պատերազմին մէջ թուրք զինեալներու մասնակցութեան, այդ ծիրէն ներս՝ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն։ Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը իր խօսքին մէջ արժեւորեց Պալթեան երկրներու մէջ Ալեքսանդր Գերոնեանի կատարած մեծ ու կարեւոր աշխատանքը։ Ան նշեց, որ Գերոնեանի նուիրած հայագիտական ուղղուածութեան գիրքերն ու պարբերականներու համարները պիտի համալրեն գրադարանի «Արմենիքա» հաւաքածոն, իսկ յետագային ատոնց թուային տարբերակները հասանելի պիտի ըլլան «Արմենիքա» ելեկտրոնային շտեմարանին մէջ։
Յաւելենք, որ Լաթուիահայ համայնքի հիմնադիր Ալեքսանդր Գերոնեանը Ռիկայի մէջ հայկական մշակոյթի մասին երեք տասնեակ գիրքերու հեղինակ է։ «Արարատ» թերթի գրադարան» մատենաշարով լոյս ընծայած է 14 գիրք՝ հայերէն, Լաթուերէն եւ ռուսերէն։ Ան հեղինակն է «Արտասահմանը ինչպէս որ է», «Հռչակաւոր հաւաքիչը», «նաւահանգիստ տապանի համար կամ 15 ճամբորդութիւն դէպի Արարատ», «Սփիւռքի երեխաները», «Օտարերկրացին» գիրքերուն: Պաքուի հայերուն նուիրուած անոր գիրքերէն երկուքը լոյս տեսած են արտերկրի մէջ. Թորոնթոյի մէջ լոյս տեսած է անոր «Վերջին լաստանաւը» պատմուածքներու ժողովածոն, Մոսկուայի մէջ՝ «Արմենիքենտը եւ անոր բնակիչները»։ Միջոցառման իր ստեղծագործութիւններու կատարմամբ հանդէս եկաւ նաեւ Ալեքսանդր Գերոնեանի կինը՝ Լաթուիացի երգահան եւ թարգմանիչ Ալիոնա Միթինան։ Ան Գրողներու միջազգային ընկերակցութեան, Ռուսիոյ գրողներու միութեան անդամ է, ինչպէս նաեւ Ռիկայի «Համաստեղութիւն» ստեղծագործական ընկերակցութեան համաղեկավար։