ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

Նուիրատուութիւն Հայաստանի ազգային գրադարանին

հնս 25, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ

նվիրատվություն 
 

Հայաստանի ազգային գրադարանը ամէն օր նուիրատուութիւններ կը ստանայ հայաստանեան եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւններէն, անհատներէն։ Առանց նուիրատուներու անհնար պիտի ըլլար հաւաքել եւ Ազգային գրապահոցին մէջ պահել բովանդակ աշխարհի տարբեր անկիւնները լոյս տեսնող հայատառ եւ հայագիտական հրատարակութիւնները։ Երկու գիրք ներկայացնենք մեր երէկուան համալրումներէն, որոնք նուէր ստացած ենք Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութենէն։

Արժանթինահայ միջազգայնագէտ, հայերէն, սպաներէն եւ անգլերէն քանի մը գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի «Սահմանելի» բանաստեղծութիւններու գիրքը (Երեւան, «Զանգակ», 2024), որ նաեւ երկու արձակ շարադրանք կը ներառէ։ Հեղինակը գիրքը ընծայագրած է սփիւռքահայ գրականագէտ Գրիգոր Պլըտեանին։ Գիրքը լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ։ Գրադարանը նուէր ստացած է նաեւ սփիւռքահայ գրող Կարո Արմէնեանի «Մարմին եւ արիւն» հատորը, որ լոյս տեսած է բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեանի խմբագրութեամբ՝ «Զանգակ» հրատարակչութեան կողմէ։ Ներկայ հատորը Կարո Արմէնեանի «Մարմին եւ արիւն» խորագրով արդէն երրորդ գիրքն է։ Հեղինակի բանաստեղծութիւններուն նախորդ հատորները լոյս տեսած են 1970-ին եւ 1977-ին՝ Պէյրութի մէջ։

Կարո Արմէնեանը ճանչցուած տնտեսագէտ եւ դրամական գործիչ է։ Ան արձակ եւ չափածոյ էջերով թղթակցած է Պէյրութի «Ահեկան», «Սփիւռք», «Բագին» եւ «Ազդակ-գրական» եւ Մոնթրէալի «Հորիզոն-գրական» պարբերականներուն, ինչպէս նաեւ Նոր Եօրքի «Մենք»-ին, Փարիզի «Յառաջ»-ին, տպագրուածէ Երեւանի «Նորք» հանդէսին եւ «Գրական թերթ»-ին մէջ։