Հեռախոսահամար
հլս 02, 2025 Նորութիւններ
Կը ներկայացնենք «Բանբեր Հայաստանի գրադարաններու» գիտամեթոդական հանդէսի 2025 թուականի առաջին թիւը։ https://tert.nla.am/.../NLA%20AMSAGIR/banbergrad/2025(1).pdf Ներկայացուած յօդուածները կ՚արտացոլեն ժամանակակից գրադարանագիտութեան առաւել արդիական միտումները՝ թուային արհեստագիտութենէն մինչեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման նորարարական մեթտներ։ Հանդէսի այս թիւի յօդուածները ներկայացուած են հետեւեալ բաժիններուն մէջ. 🔹 Ազգային ժառանգութեան պահպանում, 🔹 Թուային բովանդակութեան կառավարում, 🔹 Կառավարում եւ մասնագիտական զարգացում, 🔹 Սփիւռքի ժառանգութեան հանրահռչակում:
«Բանբեր Հայաստանի գրադարաններու» հանդէսը կը շարունակէ մնալ գրադարանային եւ յարակից ոլորտներու մասնագիտական հանրոյթի համախմբման կարեւոր հարթակներէն մէկը՝ խթանելով գիտամեթոտական փորձի փոխանակումը, գրադարանային քաղաքականութեան եւ ոլորտային համագործակցութեան զարգացումը։ Յօդուածները եւ հաղորդումները ուղեկցուած են եռալեզու ամփոփումներով։ Յօդուածները ունին թուային առարկայի նոյնականացուցիչներ (Digital Object Identifier - DOI), ինչ որ մասնագէտներուն հնարաւորութիւն կու տայ հանրայնացնելու իրենց հետազօտութեան արդիւնքները, ուշադրութիւն հրաւիրելու հրապարակուած նիւթերուն վրայ։
Կը տեղեկացնենք, որ «Բանբերը» գրանցուած է «EBSCO» միջազգային բարձր վարկանիշ ունեցող գիտական հրատարակութիւններու հարթակին վրայ, եւ այստեղ տպագրուած նիւթերը հասանելի են «EBSCO»-ի բաժանորդներուն։ «EBSCO»-ի շտեմարանները հասանելի են աշխարհի աւելի քան 30 երկրներու 3.500 համալսարաններուն եւ գրադարաններուն, ինչ որ էականօրէն կը բարձրացնէ «Բանբեր Հայաստանի գրադարաններու» հանդէսի վարկանիշը եւ միջազգային հասանելիութիւնը։