Հեռախոսահամար
սպտ 19, 2024 Միջոցառումներ
Հայաստանի ազգային գրադարանի բեմին վրայ էին շնորհալի պատանի երաժիշտ կատարողներ: Գրադարանի թամանեանական մասնաշէնքի աւելի քան հարիւրամեայ պատերուն ներքոյ, սեպտեմբեր 20-ին, տեղի ունեցաւ «Մաէրսթրո» մշակութային կազմակերպութեան «Բիւր աստղ» համերգաշարի հերթական համերգը: Հայաստանի անկախութեան տօնին ընդառաջ՝ համերգի աւարտին հնչեց Արմէն Սմբատեանի «Հայաստան» ստեղծագործութիւնը՝ Վահէ Անդրէասեանի խօսքերով:
Ցուցադրուեցան նաեւ «Univers Art» մրցոյթի Մեծ մրցանակակիրներու գեղարուեստական աշխատանքները: Համերգը նուիրուած էր անուանի ջութակահար եւ խմբավար Վլատիմիր Սփիւաքովի 80-ամեակին եւ անոր հիմնադրած միջազգային բարեգործական հիմնադրամի 30-ամեակին։ Համերգի մասնակից պատանի երաժիշտներն ու նկարիչները հոկտեմբերին պիտի ներկայացնեն Հայաստանը Մոսկուայի մէջ՝ Սփիւաքովի բարեգործական հիմնադրամի «Մոսկուան կը դիմաւորէ բարեկամները» 21-րդ փառատօնին:
«Մաէրսթրո» ՀՄԿ-ը Վլատիմիր Սփիւաքովի բարեգործական հիմնադրամին հետ կը համագործակցի 2003 թուականէն ի վեր։ Երեւանի եւ Գիւմրիի, Վանաձորի, Վարդենիսի եւ այլ մարզերու պատանի երաժիշտները ելոյթներ կ’ունենան լաւագոյն համերգային հարթակներուն վրայ, իսկ պատանի նկարիչներուն գեղարուեստական աշխատանքները կը ցուցադրուին Մոսկուայի նշանաւոր ցուցասրահներէն ներս:
«Բիւր աստղ» նախագիծը «Մաէրսթրո» մշակութային կազմակերպութեան եւ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիայի համատեղ նախաձեռնութիւնն է, որ կեանքի կոչուած է 2022-ի փետրուարին: Նպատակը Երեւանէն, Հայաստանի մարզերէն, հեռաւոր սահմանամերձ համայնքներէն, արտերկրէն տաղանդաւոր երաժիշտները, նկարիչները, կիրառական արուեստով զբաղողները համախմբելն ու համատեղ ծրագիրներուն մէջ ներգրաւելն է: