ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Հեռախոսահամար

«Մահուան դատապարտուածը կը փախի կամ Քամին կը փչէ ուր որ ուզէ». Ռոպէր Պրեսոն

մյս 09, 2025 Սինէ-ակումբ

IMG-0387-1-1

Ռոպէր Պրեսոնի 1956 թուականի ստեղծագործութիւնը՝ «Մահուան դատապարտուածը կը փախի կամ Քամին կը փչէ ուր որ ուզէ» (ֆր.՝ Un condamné à mort s'est échappé ou Le vent souffle où il veut), հիմնուած է իրական պատմութեան վրայ։ Պրեսոնը կը ստեղծէ լարուածութիւն առանց արհեստական հնարքներու՝ ծայրագոյն նուազապաշտական պատկերներով, ձայնի սուր գործածութեամբ եւ հոգեբանական խորութեամբ։ Բնաբանային շեշտադրումները՝ կամք, ազատութեան ձգտում, հաւատք, մարդկային դիմադրողականութիւն։ Այս ֆիլմը կը համարուի համաշխարհային ֆիլմաշխարհի գլուխգործոցներէն մին եւ Պրեսոնի ամենայայտնի գործերէն։