Հեռախոսահամար
հնս 24, 2024 Միջոցառումներ Ցուցահանդէսներ
«Որքան իր անձը կատարելագործեց իբրեւ մարդ, նոյնքան իր գրականութիւնը հարստացաւ իբրեւ արժէք։ Բարոյական նկարագրի գեղեցկութիւնը եւ արուեստի կոչումը իր մէջ միաձուլուած ներդաշնակութիւն մըն էին դարձած, ահա, թէ ինչո՛ւ ան չբաժնեց արուեստը գաղափարէն, գեղեցիկը` ճշմարիտէն, երազը` իրականութենէն». Մուշեղ Իշխան:
Հայաստանի ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ ցուցասրահէն ներս գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն կը ցուցադրուին Լեւոն Շանթի ամէնէն առաջին գիրքերէն մինչեւ ամէնէն վերջին հրատարակութիւնները՝ 1893-ին լոյս տեսած «Լեռան աղջիկը» գիրքէն մինչեւ 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակին հրատարակուած 9-հատորեակը, ինչպէս նաեւ գրական թարգմանութիւնները, գրողին վերաբերող աշխատութիւններ… (աւելի քան 90 գիրք, 14 ամսագիր, 5 թերթ):
Ցուցադրութիւնը լաւ առիթ է անգամ մը եւս արժեւորելու Շանթի դերը եւ անոր գրական ու քաղաքական գործունէութիւնը երիտասարդներուն ներկայացնելու համար: Օգտագործեցէք ամառնային արձակուրդներու առիթը եւ ձեր դպրոցահասակ երեխաներուն եւ թոռներուն հետ այցելէ՛ք Հայաստանի ազգային գրադարան ծանօթանալու այս բացառիկ ցուցադրութեան, ինչպէս նաեւ մեր Գրատպութեան թանգարանի հետաքրքրական ցուցանմուշներուն։