Հեռախոսահամար
փտր 07, 2024 Միջոցառումներ
Յունուար 24-ը, 2018 թուականին, ՄԱԿ-ը հռչակած էր Կրթութեան միջազգային օր՝ ի նշանաւորումն կրթութեան դերին՝ համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայուն զարգացման ապահովման գործին մէջ: Հռչակելով կրթութեան միջազգային օրը՝ ՄԱԿ-ի անդամ երկրները ընդունեցան բոլոր մակարդակներու վրայ ներառական եւ արդար կրթութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը, որպէսզի բոլոր մարդոց հասանելի դառնայ ողջ ցկեանս ընթացքին սորվելու հնարաւորութիւնը, ինչ որ անոնց կ’օգնէ ձեռք բերելու այն գիտելիքներն ու հմտութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են հասարակութեան մէջ լիովին ներգրաւուելու եւ կայուն զարգանալու համար։ Գրադարանները կարեւոր յանձնառութիւն ունին ուսումնական հաստատութիւններուն օժանդակելու կրթութեան կարիքները հոգալու համար, ինչպէս նաեւ մարդոց ցկեանս կրթութիւն ապահովելու համար։
Կրթութեան միջազգային օրուան նախօրէին Հայաստանի ազգային գրադարանում տեղի ունեցաւ «Կրթութեան կառավարում» խորագրով չորս գիրքերու ներկայացում, որոնք նուիրուած են կրթութեան օրէնսդրական կարգաւորումներուն եւ որակի ապահովման, կրթութեան ֆինանսաւորման եւ մասնագիտական կրթութեան կառավարման հիմունքներուն։
Կրթութեան միջազգային օրուան առթիւ ներկաները ողջունեց Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեանը։ Գիրքերուն հեղինակներուն եւ միջոցառման մասնակիցներուն շնորհաւորական խօսք յղեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի պաշտօնակատար Նաննա Սքաուն։ Միջոցառման կը մասնակցէին գիրքերուն բոլոր վեց հեղինակները, որոնք ներկայացուցին իրենց համատեղ աշխատանքը։ Գիրքերուն առաջին խորհրդանշական հաւաքածոն հեղինակներուն կողմէ Ազգային գրադարանին նուիրեց բնագիտական-թուաբանական գիտութիւններու թեկնածու, ԳԱԱ Գիտակրթական միջազգային կեդրոնի տնօրէն Ատոմ Մխիթարեանը։ Յառաջիկային Ազգային գրադարանին միջոցաւ չորս գիրքերու խմբաքանակը պիտի փոխանցուի նաեւ բոլոր մարզային գրադարաններուն։