Հեռախոսահամար
ապր 29, 2024 Միջոցառումներ
2024-ին կը նշենք Ազգային գրադարանային հաւաքածոյի (ԱԳՀ) ստեղծման 105-ամեակը։ Դեռեւս 1919 թուականին առաջին հանրապետութեան այրերը իրաւական ձեւակերպումներով ամրագրեցին Ազգային գրադարանի հիմնադրման եւ ԱԳՀ ստեղծման անհրաժեշտութիւնը։ Հայաստանի ազգային գրադարանը կը ստանայ եւ սերունդներուն համար կը պահէ ու կը պահպանէ մեր երկրի տպագիր ժառանգութիւնը։
21-րդ դարու հրատարակիչները եւ տպարանները տպագիր նիւթերուն հետ նաեւ տեղեկութիւն կրող տարբեր ելեկտրոնային հրատարակութիւններ կը թողարկեն։ Աւելին, ներկայիս շատ գիրքեր եւ հանդէսներ միայն թուածին տարբերակով գոյութիւն ունին։ Բազմաթիւ երկրներու մէջ արդէն օրէնսդրօրէն կարգաւորուած է ոչ թղթային, թուային եւ թուածին հրատարակութիւնները ազգային գրադարաններուն տրամադրելու եւ պահպանութեան կարգը։
Նշուած մարտահրաւէրները միասին քննարկելու նպատակաւ, ապրիլ 19-ին, Հայաստանի ազգային գրադարանը, Ազգային գրադարանային շաբթուան շրջանակէն ներս, կլոր սեղան-քննարկում մը կազմակերպած էր հրատարակիչներուն հետ։ Մասնակիցները թուային մարտահրաւէրներու ծիրէն ներս ներկայացուցին իրենց տեսակէտները եւ մտահոգութիւնները։ Ազգային գրադարանը մտադիր է շարունակելու այս խնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ խորհրդակցութիւնները հրատարակիչներուն եւ պատկան մարմիններուն հետ։