Հեռախոսահամար
սպտ 04, 2024 Նորութիւններ Նուիրատուութիւններ
Օրերս Լիբանանի ԳՈՀԱՐ երաժշտական մասնագիտական գրադարանի հետազօտող, Կարո Տէրունեանը 10 գիրք նուիրած է Հայաստանի ազգային գրադարանին։ Ատոնք գլխաւորաբար 19-րդ դարու եւ 20-րդ դարասկզբի հրատարակութիւններ են եւ լոյս տեսած են Կ. Պոլսոյ, Թիֆլիսի, Վենետիկի, Վիեննայի, Զմիւռնիոյ, Մոսկուայի եւ Վաղարշապատի մէջ։
Գիրքերէն երեքը կը բացակային Ազգային գրադարանի հաւաքածոյէն, որ աւելի կը բարձրացնէ նուիրատուութեան արժէքը։ Ատոնք են «Թիւրք սահմանադրութիւնը եւ երիտասարդ թիւրք կուսակցութիւնները» (Թիֆլիս, 1908), Գարեգին Յովսէփեանի «Խոսրովիկ թարգմանիչ» (8-րդ դար) պատմամատենագրական ուսումնասիրութիւնը (Վաղարշապատ, 1899) եւ ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեանի «Ջաւախքի բուրմունք» (Թիֆլիս, 1892) գիրքերը։ Շնորհակալ ենք Կարո Տէրունեանին իր արժէքաւոր նուիրատուութեան եւ Ազգային գրադարանի յետադարձ համալրման մշտապէս աջակցելու համար։