Հեռախոսահամար
հկտ 16, 2024 Նորութիւններ Հայաստանեան տասնեակ
Հայաստանի հանրային գրադարաններէն ներս ամէնէն շատ ընթերցուած գեղարուեստական գիրքերու օգոստոսեան ցուցակներուն վրայ 67 հեղինակներու 109 գիրքեր նշուած են։
Յառաջատար եռեակին մէջ Ալեքսանդր Շիրուանզադէի «Քաոս»-ն է, Րաֆֆիի «Խենթը» եւ Ակաթա Քրիստիի «Մահ Նեղոսի վրայ» նշանաւոր արկածախնդրական վէպը։ Լաւագոյն տասնեակին մէջ Վախթանգ Անանեանի, Սերո Խանզադեանի, Մուրացանի, Րաֆֆիի եւ Վահան Թոթովենցի գիրքերը կան, որոնք դպրոցականները կարդացած են ամառնային արձակուրդի շրջանին։ Գաղտնիք չէ, որ ներկայիս հանրային գրադարաններու ընթերցողներու բացարձակ մեծամասնութիւնը կը կազմեն դպրոցական եւ ուսանողական տարիքի ընթերցողները։ Ուստի անո՛նք կը ձեւաւորեն գրադարանային ընթերցանութեան քարտէսը։
Ամէնէն շատ սպասարկուած գիրքերուն մէջ եւս երկու հեղինակներ կան (Տանթէ Ալիկերի՝ «Աստուածային կատակերգութիւն», Աշոտ Աղապապեան «Բնակիչը»), որոնք տասնեակին մէջ տեղ գտած են շնորհիւ երեւանեան ընթերցողներու նախապատուութեան։
Օգոստոսեան ընթերցանութեան ցուցակներուն մէջ ընթերցողներուն սիրած հեղինակներուն կողքին նոր անուններ աւելցած են (Էլենա Ֆերանթէ, Մայք Օմէր, Ֆրետրիք Պաքման, Քոլին Հուվէր, Քրիս Եուան)։ Տեսնենք, թէ սեպտեմբերին ամառուընէ դէպի աշուն անցումը ի՛նչ փոփոխութիւններ պիտի թելադրէ գրադարանային սպասարկման վիճակագիրներուն։