Հեռախոսահամար
ապր 25, 2024 Միջոցառումներ
Ազգային գրադարանային շաբթուան շրջանակէն ներս Հայաստանի ազգային գրադարանի գիտական գծով փոխտնօրէնուհի Հայկանոյշ Ղազարեանը ներկայացուց ՀԱԳ առցանց շտեմարանները։ Թուային, թուածին բովանդակութեան այս դարաշրջանին անհերքելի է ելեկտրոնային շտեմարաններուն դերը: Հայաստանի ազգային գրադարանի առցանց շտեմարանները համացանցային այդ աշխարհին անքակտելի մասն են, որոնցմէ ամէնօրեայ, ամէնժամեայ յաճախականութեամբ կ’օգտուին թէ՛ ուսանողներն ու դասախօսները, թէ՛ հասարակագէտներն ու լրագրողները, գրադարանավարներն ու հետազօտողները։
Փոխտնօրէնուհի Հայկանոյշ Ղազարեանը հանգամանալից ներկայացուց Ազգային գրադարանի շտեմարանները, ենթաշտեմարաններն ու ենթաենթաշտեմարանները, ատոնցմէ օգտուելու նրբութիւններն ու ատոնց ընձեռած հնարաւորութիւնները: Հայ գիրք, Հայ մամուլ, ՀԱԳ թուային պահոց (ՀԱԳ հրատարակութիւններ, Ատենախօսութիւններ եւ սեղմագիրներ, Հայագիտական՝ Արմենիքա հաւաքածոյ, Ատենախօսութիւններ եւ սեղմագիրներ, Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) վտանգուած ժառանգութիւնը, Միջազգային զանգուածային լրատուական միջոցները Արցախի մասին, Ոչ գրքային հրատարակութիւններ)։ Ազգային գրադարանի շտեմարաններու ու ենթաշտեմարաններու թուարկումը արդէն իսկ պատկերացում կու տայ՝ ի՛նչ քանակի ու ծաւալի առցանց նիւթերու մասին է խօսքը:
Ինչպէս այս ամէնը ներկայացնելով նշեց գրադարանի փոխտնօրէնուհին՝ ատոնցմէ ամէն մէկը ունի իր ենթա-ենթա-ենթա... շտեմարանները, որոնք ուսումնասիրելով նորանոր աղբիւրներ կը բացուին իւրաքանչիւր հետազօտողի համար: ՀԱԳ ելեկտրոնային պահոցը ամբողջութեամբ՝ անփոխարինելի գործիք մըն է առհասարակ գիտական աշխատանքով զբաղողներուն համար։ Յիշեցնենք, որ Ազգային գրադարանը անշեղօրէն կ’ընթանայ ելեկտրոնային նիւթի նշաճանաչման ուղղութեամբ, արդէն իսկ որոշակի ծաւալ նշաճանչուած է, ինչ որ էականօրէն կը դիւրացնէ որոնման գործը: